Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Մինչեւ Ապրիլ Փոփոխութիւն Չենք Ակնկալեր» Կ՛ըսէ Առընչ

February 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պիւլենթ Առընչ
Պիւլենթ Առընչ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարին, հայկական սփիւռքի, ապրիլ 24-ի կարեւորութեան եւ Հայաստանէն ակնկալիքներուն մասին:

Առընչ պնդած է, որ 24 ապրիլ 2015-ը հայերուն, յատկապէս` սփիւռքի համար շատ կարեւոր է, եւ ցեղասպանութեան «պնդումները» ինքնին աւելի սփիւռքի կողմէ կ՛արծարծուին եւ ոչ թէ հայաստանցիներու կամ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան:

«Ես մինչեւ ապրիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ բարելաւում չեմ ակնկալեր: Սակայն ապագայի առումով գիտեմ, որ դրական զարգացումներ պիտի արձանագրուին», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը եւ յիշեցուցած 5 տարի առաջ ստորագրուած արձանագրութիւնները` անոնց ձախողութեան համար մեղադրելով հայկական կողմը:

«Գիտեմ, որ Հայաստանի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը կ՛ուզեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել: Ատոր կարիքը շատ ունին, եւ ընդհանուր առմամբ, աւանդաբար հարիւրաւոր տարիներ առաջ այս հողերուն վրայ երջանիկ օրեր ու միասնականութիւն ունեցած ենք: Ազգին հաւատարիմ հայերու` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ապստամբութիւնները մէկ կողմ ձգելով, մեր երկրի շատ վայրերուն մէջ միացեալ համերաշխութիւնը հաշուի առնելով` պէտք է յառաջ շարժինք», ըսած է ան:

Առընչ նշած է, որ միասնականութիւնը ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ յոյներու եւ հրեաներու համար ալ այդպէս է, որովհետեւ Թուրքիան բազմամշակութային հանրութիւն ունեցած է:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ 2015-էն ի՛նչ ակնկալիքներ ունին եւ ինչպէ՛ս կը նախապատրաստուին, Առընչ դարձեալ խօսած է «դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» ունենալու քաղաքականութեան մասին:

«Այդ առումով Հայաստանի հետ նախագիծ չունինք: Սակայն պայմանները կրնան հասցնել Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, սահմանները բանալու եւ բարեկամութիւն հաստատելու կէտին: Ատոր համար Հայաստանը աւելի շատ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ, սակայն մենք չենք ակնկալեր, որ ապրիլէն առաջ այդ առումով վերաբերմունքը պիտի փոխուի», ըսած է ան` յոյս յայտնելով, որ «այս տարեվերջին կամ յառաջիկայ տարիներուն հասկնանք, որ բարեկամութենէն բացի այդ հարցը լուծելու ճամբայ չկայ»:

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Կ՛առաջարկէ Որդեգրել Յառաջադէմ Հարկի Սկզբունք

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխնախարար. Թուրքիան Պէտք Է Փոխէ Ժխտողական Մտածելակերպը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.