Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պիտի գումարուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ:
Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջեկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ, թէ՛ կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմական մակարդակներու վրայ:


