Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Վերաբերող Մամլոյ Ասուլիս. Դոկտ. Յովհաննէս Թասլաքեան. «Հիմնականը Հայկական Գրաւեալ Հողերու Հատուցումն Է»

January 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

12915_GatoliGՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Լիբանանի Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնին մէջ, Ժալ էլ Տիպ` ներկայութեամբ հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հայ կաթողիկէ պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս ասուլիսին խօսք առին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:

Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան եւ անոր հետեւանքներուն` մարդկային դիտանկիւնէն: Ս. Գիրքէն մէջբերումներ կատարելով` ան հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ չարերը պիտի շարունակեն իրենց աւերները, եւ Թուրքիայէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարել: Ապա ան յայտարարեց այս առիթով կազմակերպուելիք գլխաւոր ձեռնարկները.-

1- Հրատարակել «100… եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» խորագրեալ արաբերէն լեզուով հատոր մը, որ կ՛ընդգրկէ արաբ թէ միջազգային մտաւորականներու, քաղաքագէտներու եւ այլ անձնաւորութեանց վկայութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

2- Կազմակերպել ակադեմական յատուկ հանդիսութիւն մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ, 9 մարտ 2015-ին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ պատրիարքներու խորհուրդին:

3- Հանդիսաւոր Ս. պատարագ կատարել 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս պազիլիքին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին: Ս. պատարագին պիտի հանդիսապետէ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք:

4-  Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ դրոշմաթուղթերու հրապարակում Վատիկանի կողմէ:

5- «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արխիւները» ընդհանուր խորագիրով գիտաժողով Զմմառու վանքին մէջ, 14 փետրուար 2015-ին` կազմակերպութեամբ Զմմառու վանքի միաբանութեան, գործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին:

6- Կառուցել յուշակոթող մը, Ժունիէ-Հարիսա բոլորակին վրայ` ի  յիշատակ հայ եւ լիբանանեան բարեկամութեան յաւերժացման եւ առ ի երախտագիտութիւն հիւրընկալ Լիբանանին:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան եւս անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, նախ եւ առաջ պատմական յետադարձ ակնարկ մը կատարելով հայ-թրքական յարաբերութեանց, սկսելով թուրքերու արշաւանքներէն ու հայկական հողերու գրաւումէն մինչեւ 19-րդ դարու հայկական ազատագրական շարժումը  եւ զայն կանխած ռուս-թրքական պատերազմներն ու կնքուած միջազգային դաշնագիրները: Թասլաքեան հանգամանօրէն նշեց 1878-ի Սան Ստեֆանոյի եւ վեց ամիս ետք Պերլինի վեհաժողովներն ու անոնց անդրադարձը հայկական հարցին վրայ: Ան նաեւ յիշեց Ա. Աշխարհամարտի ծագման նախօրեակին Օսմանեան կայսրութեան վիճակը, 1908-ի սահմանադրութենէն ու Ապտիւլ Համիտ սուլթանի գահընկեցութենէն մինչեւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան իշխանութեան ստանձնումը եւ պաշտպանութեան նախարար Էնվէր փաշայի ներկայութիւնը ՀՅԴ 8-րդ Ընդհանուր ժողովին, Կարնոյ մէջ, ուր ան Դաշնակցութենէն պահանջած էր, որ հայերը  պատերազմի ընթացքին կռուին Թուրքիոյ կողքին: Դատապարտելով եւ թուելով թուրքերուն գործած Ցեղասպանութիւնը եւ անոր իբրեւ հետեւանք հայկական հազարաւոր ինչքերու, կառոյցներու եւ հողերու գրաւումը, տոքթ. Թասլաքեան խիստ կարեւոր նկատեց հայկական գրաւեալ հողերու հատուցումն ու վերադարձը հայերուն, որոնք ծնան հոն  ու ծաղկեցուցին այդ բնօրրանը:

Այս առթիւ հայերուն եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան գծով զօրակցական ելոյթ ունեցան նաեւ Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Քասմ եւ Պէյրութի մարոնիներու առաջնորդ հայր Պուլոս Մաթար:

 

Նախորդը

Փոքր Եւ Միջին Ձեռնարկութիւններու Ներկայացուցիչները Կը Սպառնան Գործադուլ Կատարել

Յաջորդը

Պաշտօնական Ներկայութեամբ` Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Բացում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.