
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին ՄԱԿ-ի մէջ Ողջակիզումի զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին արտասանած իր ծաւալուն խօսքին մէջ` անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան` նշելով, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննուած է. ան ընդգծած է, որ «մինչեւ օրս Իսրայէլ զայն չէ ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
Ռիվլին մէջբերած է 1915-ին Պաղեստինի մէջ հրէական լրտեսական ցանցի` «Նիլի»-ի ղեկավար անդամներէն մէկուն` Աւշալոմ Ֆէյնպերկի գրածը. «Ես ատամներս սեղմած կը մտածեմ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Երուսաղէմի ճամբան, երբ կը քալէի օրհնուած եւ սուրբ հողի վրայ, ես ինծի հարցուցի` արդեօք մենք կ՛ապրինք ժամանակակից աշխարհի՞` 1915-ին, թէ Տիտոսի եւ Նաբուգոդոնոսորի ժամանակներուն մէջ: Արդեօք մոռցա՞ծ եմ, որ հրեայ եմ: Ես ինծի նաեւ հարցուցի` եթէ իրաւունք ունիմ ողբալու միայն իմ ժողովուրդիս վիշտը, միթէ՞ Երեմիա մարգարէն արցունք չէ թափած հայերուն հետ միասին»:
Ռիվլին շեշտած է. «Ֆէյնպերկ ասիկա գրած է ճիշդ 100 տարի առաջ: Կասկածի եւ հերքման 100 տարի: Այն տարիներու Իսրայէլի մէջ, ուր ես ծնած եմ, ոչ ոք չէր հերքեր տեղի ունեցած կոտորածը: Երուսաղէմի բնակիչները, ծնողներս տեսած են այդ աղէտէն վերապրած, սոված եւ խեղճուկ հազարաւոր հայ տեղահանուածները, որոնք Երուսաղէմ հասած են: Անոնք այնտեղ ապաստան գտան, եւ մինչեւ օրս անոնց ժառանգորդները կը շարունակեն ապրիլ Երուսաղէմի մէջ: Այն ժամանակ` 1915-էն ետք կը յառաջանար հարցում մը` ո՞վ է յաջորդը: Պատասխանը չուշացաւ` քանի մը տասնամեակ ետք ի յայտ եկաւ, որ յաջորդը հրեաներն են»:
«Մենք մեզի անկեղծօրէն հարցնենք` արդեօք մեր պայքարը, ցեղասպանութեան երեւոյթին դէմ ՄԱԿ-ի պայքարը բաւարար չափով արդիւնաւէ՞տ էր: Պոսնիոյ մէջ արդիւնաւէ՞տ էր, արդեօք անիկա արդիւնաւէ՞տ է այսօր Սուրիոյ կամ Նիկերիոյ մէջ` «Պոքօ Հարամ»-ի դէմ», ըսած է ան:
«Միւս կողմէ, պէտք է յիշենք, որ այդ կարմիր գիծերը մեզի պիտի պարտաւորեցնեն չաղաւաղել ու շնականօրէն չշահարկել զայն` կեղծ առարկայականութեան անուան տակ, ինչ որ կը կատարուի մարդու իրաւունքներու հռետորաբանութեան պարագային, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը կ՛օգտագործէ միայն քաղաքական նպատակներով», յայտարարած է Իսրայէլի նախագահը:


