Երրորդ օրն ըլլալով երէկ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին մահուան առիթով ցաւակցութիւնները շարունակուեցան Պէյրութի Ամին մզկիթին մէջ: Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ շարունակեց ընդունիլ զանազան անձնաւորութիւններու եւ պատուիրակութիւններու ցաւակցական այցելութիւնները:
Այցելուներու շարքին էին` Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը, անդամակցութեամբ երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպերի, Նաժի Ղարիոսի եւ Սելիմ Աունի: Իսկ երեսփոխան Նաուար Սահիլի եւ Ալի Մքտատ Հըզպալլայի անունով ցաւակցութիւն յայտնեցին: Նմանապէս ցաւակցական այցելութիւն տուին խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը, նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի ներկայացուցիչը եւ այլ անձնաւորութիւններ:


