Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին

January 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12615_selimԱրամ Ա. կաթողիկոս ցաւակցական նամակով մը բաժնեց վիշտը Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, անոր եղբօր` Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան առիթով: Նամակին մէջ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնած էր հանգուցեալին հայրենասիրական իրագործումներուն եւ միջկրօնական գործակցութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան համար:

Վեհափառ հայրապետին պաշտօնական նամակը Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիին փոխանցուեցաւ Նորայր եպս. Աշըգեանի ձեռամբ:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 24 յունուար 2015-ին, յանուն Լիբանանի հայութեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան մաս կազմեց Սէուտական Արաբիա մեկնած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան: Առաջնորդ սրբազանը ինք եւս վեհափառ հայրապետին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ անոր մաղթեց իրագործումներով հարուստ գահակալութիւն:

Հանդիպում` Շահան Սրբազանի Եւ
Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի Հետ

Ուրբաթ, 23 յունուար 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետ: Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Սուրիոյ կացութեան ու յատկապէս Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն: Շեշտուեցաւ մէկ կողմէ մարդասիրական օգնութիւնը շարունակելու հրամայականը, իսկ միւս կողմէ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ մեր համայնքներուն ներքին կեանքը վերարժեւորումի ու վերադասաւորումի ենթարկելու առաջնահերթութիւնները:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Յակոբ Հաւաթեան Եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան Ներկայացուցին Լիբանանի Հայկական Կառոյցները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի Ներկայացում` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը

February 25, 2026
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

February 25, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.