Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոզեֆ Ղազարեանի Քառասունքին Առիթով

January 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

12415_Joseph-Ghazarian40 օրեր առաջ Դամասկոս հողին յանձնեց երէց սերունդի անկրկնելի ներկայացուցիչներէն, իր հաւատաւոր ազգայիններէն Ժոզեֆ Ղազարեանը:

Ան ազգային բեղուն գործունէութիւն ունեցած է միութենական եւ գաղութային առումով: Ան մաս կազմած է Համազգայինի առաջին ընտրուած վարչութեան` 1952-ին, ապա շարունակ եղած է վարչութեան անդամ եւ ատենապետ` աւելի քան 35 տարիներ:

Որպէս Դամասկոսի Համազգային մշակութային միութեան հիմնադիր` տարած է գաղութիս համար բազմաթիւ աշխատանքներ բարձրացնելով հայ մշակոյթի ազդեցութիւնը եւ դերը դամասկահայ գաղութին համար:

Իր տարիներու ծառայութեան ընթացքին հիմնուած է Համազգայինի Դամասկոսի մասնաճիւղի թատերական խումբը: Ան նաեւ մեծ դեր ունեցած է հայոց լեզուի տարածման եւ ամրապնդման գաղութէն ներս` որպէս ուսուցիչ Հայ կաթողիկէ երկրորդական վարժարանին մէջ: Մեծ դեր ունեցած է սերունդներու մշակութային դաստիարակութեան մէջ` պատրաստելով հետագայ մշակոյթի նոր սերունդ, որ շարունակելով իր աշխատանքները վար կը պահէ հայ մշակոյթի ջահը:

Նախաձեռնած է եւ իրագործած Դամասկոսի Համազգայինի դասական ձեռնարկները: Իր օրով կազմակերպուած են ազգային մշակութային գեղարուեստական յիշատակի եւ ամեակներու ձեռնարկներ, որոնց  թղթակցութիւնները գրած է եւ լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի եւ «Արեւելք»-ի մէջ, եւ որոնք այս օրերուն լոյս կը տեսնեն «Ազդակ» օրաթերթի «50 տարի առաջ» բաժինին մէջ:

Եղած է նոյնպէս հիմնադիր անդամ Հայ կաթողիկէ միութեան, եւ 40 տարիէ ի վեր կը վարէր  ատենապետութիւնը Հայ կաթողիկէ բարեսիրական միութեան:

Եղած  է նաեւ «Ճինիշեան հիմնարկ»-ի եւ «Անանուն  բարերար բարեսիրական միութիւն»-ի Դամասկոսի մէջ հիմնադիր անդամ եւ ծառայած է երկար տարիներ:

Պարգեւատրուած է Համազգայինի Շրջանային եւ  տեղական  վարչութիւններու շքանշաններով, նաեւ «Սուրբ Վարդան» շքանշանով` հայ կաթողիկէ  Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան  կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ: Ստացած է  օրհնագիրներ Պօղոս Զ.  եւ Պենեդիկտոս  ԺԶ.   սրբազան քահանայապետներէն:

Դամասկոսի մէջ հայ մշակոյթը պահելու գործին մէջ եւ հայ մշակոյթին ու անոր պահպանման եւ տարիներ շարունակ մեծ ներդրում ունենալու համար 2012-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանով:

ՍԳԱԿԻՐ

Դամասկոս

Նախորդը

Աբօ Ունանեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեանի Մահուան Ա . Տարելիցին Առիթով. Ազնուասիրտ Բարերարը` Յովհաննէս Մանուկեան (Ալագեազ) (1926-2014)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.