Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձրեւը

January 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

12415_6242014-ի  վերջին ամիսներն ենք արդէն, եւ ամբողջ տարին միայն երկու անգամ անձրեւեց: Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը ահազանգ հնչեցուց: Շաբաթը միայն 3 անգամ խոտերը ջրելու իրաւունք տրուեցաւ, այդ ալ` քանի մը վայրկեան միայն: Տուներու առջեւի սիրուն կանաչ խոտերը արդէն սկսած են դեղնիլ: Օրէնքը չյարգողներուն հազար տոլարի տուգանք ճշդուած է:

Տուգանք վճարելու փոխարէն` կը նախընտրենք խոտերը դեղին տեսնել: Խոտերը հասկցանք. հապա՞ սիրուն վարդենիներս, որոնք սկսած են չորնալ եւ համեստօրէն գլուխները  ծռել: Վարդը ծաղիկներու թագուհին է, եւ համեստութիւն չի վայելեր իրեն. թագուհիին գլուխը միշտ բարձր պէտք է մնայ: Մութը բաւական յառաջանալէն ետք, երբ վստահ եմ, թէ ամէն մարդ իր տունը քաշուած է, ու փողոցները` ամայի, հապճեպով կը ջրեմ վարդենիներս: Իրենց ի՞նչ մեղքն է մեր ջուրի տագնապը: Վեհանձն թագուհին չի հասկնար այդ նրբութիւնները, վարժուած է պերճ կեանքի, թշուառութիւն չէ տեսած: Ժամանակին Ֆրանսայի Մարի Անթուանեթ թագուհիին յայտնած էին, թէ «ժողովուրդը ուտելիք հաց չունի», առանց յետին նպատակի` պատասխանած էր. «Կարկանդակ թող ուտեն», որովհետեւ կեանքին մէջ չէր լսած «չունենալ» բառը:

Վարդերս հասակ նետած են Ամերիկայի նման առատ երկրի մը մէջ եւ «չկայ»-ն չեն հասկնար: Ո՛չ ջուրի, ո՛չ ալ երեկտրականութեան տագնապ ունեցած ենք: Միայն մէկ անգամ, քանի մը ժամով ելեկտրականութիւնը անջատուեցաւ: Անկարելի է բացատրել իրարանցումը: Միջին Արեւելքի մէջ գրեթէ ամէն տուն կամ հաստատութիւն ունի ելեկտրակածին շարժակ, սակայն մեր քով այդ մասին մտածող չկայ, որովհետեւ կարիքը չունինք: Այդ քանի մը ժամուան ընթացքին արձանագրուած նիւթական վնասները ահաւոր էին: Գործատեղիս, երբ կարգ մը գործընկերներու պատմեցի, թէ ծննդավայրս` Լիբանան, պատահեցաւ, որ 10 ամիսներ մնացինք առանց ելեկտրականութեան (1978), զարմացած եւ թերահաւատութեամբ երեսս նայեցան: Վստահաբար շատեր հաւատք իսկ չընծայեցին այդ «անիմաստ» տեղեկութեանս:

Հեռատեսիլի լուրերէն կը տեսնենք Ամերիկայի Արեւելեան ափերու շրջանի առատ ձիւնն ու անձրեւները: Քանատայէն բարեկամներ կը գրեն` «Անտանելի է ձիւնն ու ցուրտը». օդանաւեր թռիչք չեն կրնար առնել, օդակայաններու մէջ` իրարանցում, յետաձգուած թռիչքներ, մինչ այդ մեր քով` յաւիտենական գարուն եւ ամառ օրերնիս կ՛անցընենք… կարճ թեւ շապիկներով:

Լոս Անճելըս երկու եղանակ ունի: Առտուները գործի կ՛երթամ ինքնաշարժիս ջեռուցիչը աշխատցուցած, իսկ նոյն օրը, կէսօրէ ետք տուն վերադարձիս, անպայման պէտք է զովացնեմ ինքնաշարժս, իսկ երեկոյեան, մայրամուտէն ետք, տունէն դուրս ելլելու պարագային, անպայման բաճկոնակի մը պէտքը կը զգամ:

Հոկտեմբեր ամսուան վերջին օրը ամերիկացիները ունին իւրայատուկ «Հալոուին» կոչուած տօնը: Այդ օրը, երբ  երեկոյեան երեխաներ ծպտուած տունէ տուն պտտելով շաքար ու շոքոլա կը հաւաքէին, եւ աւելի մեծերը նոյնպէս հաւաքոյթներով զբաղած էին,  յանկարծ տեղատարափ անձրեւեց: Փողոցները ամայացան. երեխաները յուսախաբ վերադարձան իրենց տուները:

Յաջորդ օր  երկինքը դարձեալ պայծառացաւ:

Նոյեմբեր ամսուան վերջին հինգշաբթի օրը ամերիկացիք կը տօնեն «Գոհաբանութեան տօնը»: Ուսանողներ եւ գործի բերումով տարբեր նահանգներ հաստատուած զաւակներ քանի մը օրուան համար կը վերադառնան տուն եւ … այդ օր` դարձեալ տեղատարափ անձրեւեց միայն մէկ օրուան համար եւ խանգարեց մարդոց յատուկ պատրաստած ծրագիրները:

Դեկտեմբերի կէսերուն էր. յանկարծ լուրերէն յայտարարեցին. «Երկար տարիներ նմանը չտեսնուած փոթորիկի ու անձրեւի մը պատրաստ գտնուեցէք»:Ստիպողական վիճակ յայտարարուեցաւ առաւօտեան ժամը 3:00-էն 5:00-ի միջեւ: Մինչեւ իսկ գիշերուան ժամը 3:00-ին մեր բջիջայինները մեզի իմացուցին, որ յոռեգոյնին պատրաստուինք: Կարծես պատերազմ յայտարարուած էր ու թշնամին հասեր էր Լոս Անճելըսի դռները եւ ուր որ է` յարձակում պիտի գործէ: Շատ շատեր այդ օր գործի չգացին: Ես բնական ժամուս ճամբայ ելայ տունէն եւ հակառակ տեղատարափ անձրեւին` առանց ուշացումի հասայ գործի: Ուշ հասնողներուն թիւը բաւական մեծ էր:

Կարգ մը շրջաններու մէջ յանձնարարեցին տուներէն հեռանալ եւ քանի մը օր բնակիլ աւելի ապահով վայրերու մէջ (բլուրներու վրայ գտնուող տուներու պարագային): Երեկոյեան հեռատեսիլէն ցոյց տուին, թէ ինչպէս անձրեւի ջուրերը «ծով դարձուցած են» կարգ մը փողոցներ: Բլուրներու վրայ գտնուող տուներ աւազի տոպրակներով պաշտպանած էին իրենց բնակարանները:

15585905982_be744364f3_oԼիբանանը ձգելէս ի վեր մոռցեր էի աւազի տոպրակները: Հոն տուները առատ, յորդառատ անձրեւի ջուրերէն պաշտպանելու համար չէ,  որ կը գործածէին զանոնք (թէեւ Պուրճ Համուտի մեր տան փողոցը յաճախ անոնց կարիքը կը զգայինք): Լիբանան աւազի տոպրակները յայտնաբերուեցան քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, երբ կռուող հակամարտ կողմերը այդ տոպրակներու ետին պաշտպանուած` «կարկուտ կը տեղացնէին» իրենց հակառակորդներու կողմը: Այդ աւազի տոպրակներով պատրաստուած «պարիսպները»  կը կոչուէին մեթրես:

Հիմա` մեր քով իսկական պատերազմի պատրաստութիւն մըն էր … բնութեան դէմ, քանի որ Ամերիկայի թշնամիները, որոնք այնքան շատ են, միշտ կը գտնուին իր սահմաններէն շատ հեռու` «ծովերէն անդին»:

12415_ap_winter_accidentsԱյնքան սպասուած անձրեւը, ակնկալուած բարիքէն աւելի, աւերներ գործեց: Այդ օր մեծ թիւով արկածներու հանդիպեցանք, ինչ որ աներեւակայելի եւ անտանելի խճողում յառաջացուց ամէնուրեք: Ամէն կողմ կը տեսնէինք ոստիկաններու ինքնաշարժներու Կաղանդի ծառերու նման կարմիր եւ կապոյտ վառող լոյսերը: Հոս` արկած մը պատահած է, հոն` մէկու մը տուգանք գրելով զբաղած են: Գործատեղիս` պաշտօնեաներուն մեծ մասը ուշ հասաւ գործի. ուրիշներ` հեռաձայնեցին, թէ «լաւ չեն զգար» ու նախընտրեցին տունը մնալ այդ օր:

405 մայրուղիին վրայ եմ: Անձրեւը մերթ կը սաստկանայ, մերթ կը մաղէ: Զարմանալիօրէն որեւէ կարեւոր կամ աննշան դէպք զիս անպայման կը վերադարձնէ մանկութեանս աղքատիկ, սակայն ուրախ տարիներուս:

Այնքան սպասուած, սակայն սխալ թուականներու ժամանած անձրեւը ի՜նչ յիշատակներ արթնցուց մէջս:

Պզտիկուց  քալելով կ’երթայինք դպրոց, որ բաւական հեռու էր մեր տունէն: Հովանոցը,  փոքրիկներուս տրամաբանութեամբ, միայն տէր հայրները կ՛ունենային: Ներկայ սերունդի երեխաները կամ նոյնիսկ պատանիներն ու երիտասարդները հաւանաբար զարմանան, սակայն մեր ժամանակ, կարծես օրէնք դարձած էր` քահանաները անպայման ձեռքերնին հովանոց մը բռնած կ՛ելլէին տունէն: Այս օրերուս Միացեալ Նահանգներու քահանաները ոչ միայն հովանոցով չեն պտտիր, այլ նոյնիսկ փիլոն չեն հագուիր եկեղեցիէն դուրս: Պարզապէս շապիկին օձիքին տակ «կեղծ օձիք» մը» կ՛ունենան` որպէս նշան իրենց կղերական ըլլալուն:

Մենք չունէինք հովանոց. փոխարէնը` կը հագուէինք նայլընով պատրաստուած «վերարկու» մը, որ ունէր նաեւ գլխարկ` անձրեւէն պաշտպանելու համար:

12415_dancing_in_the_rainԽմբովին, քալելով կ՛երթայինք դպրոց, բոլորս միասին երգելով.

«Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ,
Տէր տէր պապան տուն կու գայ,
Փիլաւ եփէ իւղ չկայ…»

Շարունակութիւնը… մէկու մը անունին առջեւ «քել» մակդիրը դնելով… « Տեղ չկայ»:

Անձրեւին տակ ցեխոտ ճամբաներէն քալելով` անպայման պիտի երգէինք մեր անձրեւոտ օրերու «քայլերգը».

«Ցեխին մէջէն ճըփփըր ճըփփըր
Դպրոց կ՛երթամ ամէն օր
մայրիկս ինծի չառաւ կօշիկ,
ես ալ հինով կ՛երթամ կոր»:

Մինչ անձրեւը կը մաղէր, յանկարծ ամպերուն տակէն կը նշմարէինք արեւի շողերը, որոնք միանալով տեղացող անձրեւին` երկնքի վրայ ծիածան մը կը կազմէին: Անոր բացատրութիւնը յստակ էր մեզի` փոքրերուս համար.

«Սատանան կնիկը կը ծեծէ»:

Իսկապէս որ զարմանալի է, սակայն Ամերիկայի մէջ բնաւ չեմ հանդիպած ծիածանի մը եւ այդ իսկ պատճառով մեր քով «Սատանան կնիկը չի ծեծեր»: Քաղաքակիրթ Ամերիկայի մէջ նոյնիսկ սատանան կնամեծար է եւ իգականին ձեռք չի բարձրացներ:

* * *

Առատ անձրեւները յաջորդ օր դադրեցան: Վարդերս, յագեցած ու կազդուրուած, վերստին բարձրացուցին իրենց հպարտ գլուխները:

Լոս Անճելըս քաղաքը գտաւ իր բնականոն վիճակը: Պայծառ երկինք. առտու կանուխ` բաւական ցուրտ, պարզապէս փաստելու համար, որ եղանակը ձմեռ է:

Արեւածագէն ետք արդէն ձմեռը կը վերածուի գարնան, երբեմն նոյնիսկ` ամրան: Երեկոյեան, անմիջապէս որ արեւը պահուըտի հորիզոնի ետին, դարձեալ կը զգաս զովութիւնն ու աւելի ուշ` ցուրտը: Տարուան 4 եղանակներուն կը հանդիպինք ամէն օր:

Անձրեւը դադրած է. քանի մը օրուան համար բաւական անձրեւ ունեցանք, սակայն ջուրի շտեմարանները տակաւին հեռու են իրենց  բնական բարձրութեան հասնելէ: Կարեւորը` սիրելի վարդերս վերստին բարձրացուցին իրենց հպարտ գլուխները:

Հպարտ թագուհիին չի վայելէր գլուխը ծռած պահել:

«Եթէ ուտելիք հաց չունին, կարկանդակ թող ուտեն»:

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ եթէ վարդերս լեզու ունենային, ջուրի փոխարէն ի՞նչ պիտի պահանջէին:

Դիւրին բան չէ տասնեակ մը «թագուհիներ» պահելն ու խնամելը:

Լոս Անճելըս, 2015

Նախորդը

Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեանի Մահուան Ա . Տարելիցին Առիթով. Ազնուասիրտ Բարերարը` Յովհաննէս Մանուկեան (Ալագեազ) (1926-2014)

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 2). Իմաստ Եւ Վաստակ

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.