Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Միջեւ Վարկաւորումի Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

January 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութենէն պահ մը
Համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութենէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ ստորագրուեցան վարկաւորումի երկու համաձայնագիրներ` Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ:

Այդ համաձայնագիրներէն առաջինը պիտի յատկացուի Պըսրիի մէջ ամբարտակ մը կառուցելու` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան ըմպելի ջուր ապահովելու, ինչպէս նաեւ ջրելեկտրակայաններ հիմնելու ծրագիրին, իսկ երկրորդը` ելեւմուտքի հոլովոյթի տնօրինման բարեկարգումին:

Ստորագրուած առաջին համաձայնագիրը կ՛ընդգրկէ 474 միլիոն տոլարի վարկ մը, իսկ երկրորդը` 5 միլիոն եւ 200 հազար տոլարի վարկ մը:

Համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութեան վարչապետ Սալամի կողքին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ինչպէս նաեւ Բարեկարգումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր եւ Միջազգային դրամատան շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժ:

Վարկաւորումի զոյգ համաձայնագիրներուն ստորագրութեան առիթով վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած այս զօրակցութիւնը կը փաստէ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը:

Սալամ ընդգծեց Պըսրիի ամբարտակին կարեւորութիւնը` զայն որակելով բարգաւաճման ազգային ծրագիր մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրը պատրաստող ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան եւ Բարեկարգումի եւ վերաշինութեան խորհուրդին:

 

Նախորդը

Պասիլ Քաակի Հետ Քննարկեց Այթա Շաապի Իսրայէլեան Յարձակումին Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Դիմադրութեան Նահատակներուն Մարմինները Ղազիէի Եւ Այն Քանայի Մէջ Յանձնուեցան Հողին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.