Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Գիւմրիի Դէպքերուն Առնչութեամբ

January 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11615_His-Holiness-Karekin-IIՍ. Էջմիածինի մէջ 16 յունուարին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Ս. Էջմիածինի  Վանական խորհուրդի եւ վանաբնակ եպիսկոպոսներու խորհրդակցութեան ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ օրեր առաջ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ոճրագործութեան, ատոր պատճառով ժողովուրդին մէջ յառաջացած յուզումներուն եւ արձանագրուած ցաւալի դէպքերուն: Այս օրերուն մնայուն կապ հաստատուած է  Ս. Էջմիածինի եւ Շիրակի թեմի առաջնորդարանի միջեւ, եւ Ս. Էջմիածինը մշտապէս իրազեկ  եղած է եւ հետեւած դէպքերու զարգացման: Այս մասին կը յայտնեն Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Կատարուածին առնչութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար նշեց.

«Այս օրերուն մեր ամբողջ ժողովուրդը ցաւի եւ վիշտի մէջ է Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած անմարդկային ոճրագործութեան պատճառով: Բոլորիս  ակնկալութիւնն է, որ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան ենթարկուին ոճրագործութեան հետ առնչուած բոլոր յանցաւորները: Վստահ ենք, որ պետական պատկան մարմիններուն

կողմէ յանցագործութեան ամբողջական բացայայտման եւ մեղաւորներու դատապարտման ուղղութեամբ կ’իրականացուին  օրէնքով նախատեսուած անհրաժեշտ բոլոր քայլերը:

«Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք 15 յունուարին ժողովրդային յուզումներու ընթացքին արձանագրուած ցաւալի դէպքերուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով կան նաեւ վիրաւորներ: Մեր յորդորը   մեր զաւակներուն այն է, որ մնան հանդարտութեան մէջ եւ տեղի չտան հրահրումներու եւ սադրանքներու®»:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը բերաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանին եւ թեմի եկեղեցականներուն` այս օրերուն բերած իրենց հովուական ծառայութեան համար:

Ժողովի աւարտին աղօթք մատուցուեցաւ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպաննուած անդամներուն հոգիներուն հանգստութեան եւ վիրաւոր Սերիոժա Աւետիսեանի շուտափոյթ ապաքինման համար:

Նախորդը

Գիւմրի. Հարցերը Հանդարտ Դատողութեամբ Լուծելու Կոչեր

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայերը Բողոքի Նամակ Յղած Են Երկրին Արտաքին Գործոց Նախարարին` Ցեղասպանութեան Մասին Ֆրանսացի Դեսպանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.