Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աւա՜ղ… «Մայրամուտ»

January 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

v14Աւա՜ղ… Հակառակ իր կամքին, ուժին եւ պայքարելու բերկրանքին, ընկեր Վահան չկրցաւ կասեցնել իր անձին «մայրամուտ»-ը:

2013-ի ամրան ընկեր Վահան Յովհաննիսեան լոյս ընծայած էր երկար յօդուածաշարք մը` «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել», որ կարելի է հաւաքել եւ վերածել գրքոյկի մը:

Դաշնակցական ղեկավարի ակնոցով դիտուած` Վահան Յովհաննիսեան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ սրտբացօրէն կը ներկայացնէր Հայաստանի ընկերաքաղաքական հարցերը: Եւ վերնագիրը ո՛չ թէ միայն ահազանգային էր… նաեւ հրամայական: Այդ թուականէն ետքն ալ երկրէն ներս տիրող անցուդարձերը փաստեցին, թէ հարկաւոր էր կասեցնել այդ վտանգաւոր աւարտը` ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԸ:

Վերջին օրերուն ահաւոր ցաւերէ կը տառապէր եւ մարմինն ալ հիւծուած էր` հակառակ Պերլինի ամէնէն աւելի արդիականացած հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ դարմանուելուն: Այլեւս զինք ոտքի պահող ներքին գործարաններն ալ սկսած էին տեղի տալ եւ… դաւաճանել:

Աւա՜ղ… Կարելի չեղաւ ռուսերէն գրուած իր իւրայատուկ պատմական-արկածային վէպին` «Մանդիլիոն»-ին հայերէնի թարգմանութեան պատշաճ շնորհահանդէսը կազմակերպել:

Հնագիտութեան մէջ մասնագիտացած եւ պեղումներ կատարած, այդ գիրքով, ընկեր Վահան համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ հայ ազգի տեղի եւ նշանակութեան արժանի գնահատման խնդիրն է, որ կը հետապնդէր:

Մերթ երկար, մերթ կարճ ու կտրուկ, եզակի էր անոր գրիչը, անշուշտ նաեւ լի` սրամտութեամբ եւ դիտելու կարողութեամբ: Այսպէս, քանի մը տարի առաջ էր, երբ անգամ մը եւս իր մասնագիտացած ընկերաքաղաքական միջավայրին մասին վերլուծում մը կը կատարէր` ներկայացնելով ներկայ դասակարգերը, ան ամենայն յանդգնութեամբ կը մերկացնէր արեւմտեան աշխարհը, յայտնելով, թէ այդ միջավայրին մէջ, ամէնէն աւելի հանգիստ եւ ապահով կեանք ապրողը այն անձն է, որ միեւնոյն ժամանակ կը պատկանի իգական սեռին, հաշմանդամ ու սեւամորթ է եւ… միասեռական (կարդալ` «Քաղաքական բարեկրթութեան մասին» յօդուածը, լոյս ընծայուած` օգոստոս 2013-ին եւ վերստին տեղադրուած կայքէջին վրայ):

Այդ նկարագրութիւնը Վահան Յովհաննիսեան այնքան մը ճկունութեամբ պատկերած էր, որ մարդկային իրաւունքներու դէմ պայքարող ամէնէն աւելի ծայրայեղ անձնաւորութիւնն անգամ վերլուծական եւ դրական ակնոցով կ՛ընդունէր այդ հաստատումը:

Բեմահարթակին վրայ ալ իւրայատուկ էր ան կազմակերպուած հաւաքներու ժամանակ իր կատարած ճառախօսութիւններով, ուր բարոյական սկզբունքներու վրայ խարսխուած` դաշնակցական ղեկավարի յատուկ գաղափարական մտածողութիւնը կը շեշտադրուէր:

Այո՛, ոչ միայն քաղաքական գործիչ եւ վիպասան էր ան, այլ նաեւ` հնագէտ, պատմաբան եւ … անշուշտ ազատամարտիկ եւ դիւանագէտ:

Դեկտեմբեր 28 թուականը անկիւնադարձային եղած է Վահան Յովհաննիսեանի կեանքին մէջ: Արդարեւ, ճիշդ քսան տարի առաջ, դեկտեմբեր 28, 1994-ին էր, որ Հայաստանի մէջ կասեցուեցաւ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, եւ բազմաթիւ գործընկերներու կողքին, ինքն ալ բանտարկուեցաւ: Տարի մը առաջ, դեկտեմբեր 28, 2013-ին, ան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպան:

Կիրակի, դեկտեմբեր 28, 2014-ին, «Մայրամուտ»-ն էր մեր սիրելի ընկեր Վահան Յովհաննիսեանին… Մայրամուտ մը, որ դժբախտաբար կարելի չէր կասեցնել:

Դեկտեմբեր 28, 2014

Նախորդը

Անունին Վայել Ընկ. Վահան Յովհաննիսեանը

Յաջորդը

Փայփայե՛լ Վրաստանի Եւ Իրանի Հետ Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.