Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Աղբի Թղթածրարին Գծով Վերջնական Որոշում Չտուաւ

January 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցաւ նախարար Ռեմոն Արայժի` ճամբորդութեան պատճառով:

Կառավարութիւնը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի յիշատակը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ վերստին պահանջած է ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարել` հանրապետութեան նախագահի աթոռին թափուր մնալուն հետեւանքներուն լուծում գտնելու համար:

Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Սալամ անդրադարձած է նաեւ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին դէմ գործուած ահաբեկչութեան եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած ֆրանսացի ժողովուրդին եւ Ֆրանսայի նախագահին, որոնք մնայուն կերպով զօրակցած են Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Ժրէյժ նշեց, որ վարչապետ Սալամի խօսքէն ետք կառավարութիւնը քննարկած է աղբի թղթածրարին մասին կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի պատրաստած տեղեկագիրը եւ հոն նշուած կարգ մը դիտողութիւնները, որոնց լոյսին տակ այդ թղթածրարին քննարկումը յետաձգուած է յաջորդ նիստին` առանց այդ մասին վերջնական որոշում մը տալու:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հէյլն Ու Զօր. Քահուաժին

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ . «Պըրրի Հաստատեց, Որ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Անկարելի Է, Որ Այցեգիրի Դրութիւն Հաստատուի» Շեշտեց Ալի

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.