Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

January 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615_dznount2Երեքշաբթի, 6 յունուարին, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Ս. պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պետական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներ:

Հրաշափառ Ս. Ծննդեան պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց եկեղեցականաց դասը եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը եւ տօնին առիթով բոլորին յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը մասնաւորապէս ըսաւ. «Ս. Ծննդեան աւետարանական պատումը մարդկութեան կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան մեծ խորհուրդը կը պատկերէ: Բեթղեհէմի քարայրը նախատիպն է Ս. եկեղեցւոյ, հասարակ հովիւները եւ իմաստուն մոգերը աստուածապաշտութեան համար մէկտեղուած հաւատացեալներն են, իսկ մատուցուած ընծաները` առ Աստուած հաւատքով ապրուած բարի եւ երկնահաճոյ կեանքն ու գործերը: Բեթղեհէմեան երկնակամարին մէջ Տիրոջ փառքի ծագումը, եւ լուսափայլ հրեշտակներու հնչեցուցած պատգամը երկնային հրաւէրն է աշխարհին` խաղաղութեան եւ մարդոց մէջ սիրոյ եւ հաճութեան, որոնց այսօր ալ կը փափաքի նեղութիւններով եւ մարտահրաւէրներով բեռնաւորուած աստուածաստեղծ օրրանը մարդկութեան»:

Ս. պատարագի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կատարեց նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Այս տարի Ս. Էջմիածինի մէջ ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրն էր ռուսահայ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։