Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Առիթով Պատարագ Եւ Հաւաք` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

January 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615_jounՍ. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. պատարագ մատուցուեցաւ երեքշաբթի, 6 յունուարին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագին հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան: Ան այս առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնին իմաստին ու կարեւորութեան` հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մօտ: Ապա կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իրեն հետ տարաւ օրհնուած գաւաթ մը ջուր: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող դահլիճին մէջ ծխատէր քահանաները, թաղականութիւնն ու բարեկամներ հիւրասիրուեցան համանուն տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Նոյն առիթով եւ հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ հաւաք` «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Այս առիթով «Ուրախ տարեդարձ» խումբը յատուկ երգերով ու խաղերով խանդավառեց մթնոլորտը: 2007-էն ի վեր Թալին եւ Արազ Լատոյեան քոյրերուն նախաձեռնած հայկական այս առաջին խումբը իր խամաճիկներով, մանկական յատուկ երգերով ու խաղերով կը ջանայ հայեցի մթնոլորտի մէջ ուրախացնել հայ փոքրիկները: 12 երկսեռ համալսարանականներէ բաղկացող այս խումբը` գործակցաբար Մարալ  Լատոյեանի, ազգապահպանման խիստ քաջալերելի քայլի մը նախաձեռնած է: Թալին Լատոյեան ներկայիս այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ գործադրել Քանատայի հայ գաղութին մէջ: «Ուրախ տարեդարձ» խումբը ամէն տարի կ՛ընտրէ իր թեման: Անցեալ տարի ընտրած էր «Արցախ»-ը եւ «ընկերասիրութիւնը»: Իսկ այս տարի` Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» քերթուածն ու անոր խորհուրդը: Աւարտին «Ուրախ տարեդարձ»-ի Կաղանդ պապուկը փոքրիկներուն նուիրեց տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած նուէրները, որոնք սիրայօժար կերպով տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի «Քէօշկերեան» համագործակցականի տիրոջ` Ուիլսըն Քէօշկերեանի եւ Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեանի կողմէ:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.