Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն – 68

January 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այսօր ծառի մը տապալիլը տեսայ: Անոր հաստ իրանը եւ երկնուղէշ հասակը կը փաստէին, թէ ան այս պատէզին մէջ առաջին արմատ նետողներէն էր ու մարդուն առաջին շուք տուողներէն:

Այսօր մարդիկ տապալեցին զայն: Միայն քանի մը ճիւղեր ունէր գոսացած, մնացեալը դալար` կ՛երգէին հովին հետ, դաւին անտեղեակ ու համոզուած, թէ դեռ ունակ են երկինքէն նոր բարձունքներ նուաճելու:

Մարդիկ «գործի» էին. գէջն ու չորը  զատելու, միայն չորերը կտրտելով զայն թարմացնելու սիրտ չունէին. ծառ` շա՜տ: Նոյնիսկ անոր խիտ սաղարթներուն մէջէն թռչուններուն առտուան սաղմոսերգութիւնը զանոնք չկասեցուց ոճիրէն: Առաջին անգամ նման պերճաշուք ծառի սպաննուիլը կը տեսնէի ու կեցայ, ինչպէս որ կը կենանք դիակառքի մը անցքին` հրաժեշտի յարգանքը տալու մէկու մը, որուն հետ նոյն կարճ միջոցին ապրած ենք այս մոլորակին վրայ:

Ծառին տապալիլը երկու վայրկեան տեւեց.սղոցը ոռնաց ու անոր երկու կողերուն խոր վէրքեր բացաւ. ապա` վերջին զարկ մը եւս, ու անոր հուժկու մարմինը ճարճատիւնով ինկաւ գետնամած: Մինչդեռ երկինքներ հասնելու համար ան տարիներու, օրերու, ժամ ու վայրկեաններու ինչպիսի՜ աշխատանք տարած էր, իր կենսատու աւիշը փոխանցելու ամէնէն հեռաւոր ոստերուն ու սաղարթներուն: Որքա՜ն տոկացեր էր տաք ու պաղին, նոյն ատեն հովանի ըլլալով մարդուն: Ու հիմա երկու վայրկեանը բաւարար եղաւ մարդուն` անոր հեքեաթը ցեխերու մէջ տապալելու:

Ապա շղթաներ կապած անոր գլխատուած կոճղին` թրաքթորը քաշեց, հողէն հանեց զայն: Ես ականատես եղայ անոր հարիւրամեայ պիրկ արմատներուն կտրտուելուն, ընդերքներու խորերէն «լոյս» աշխարհին մէջ չորնալու եկած անոնց անհեթեթ պարին:

Ու արցունքի մէկական հատիկ աչքերուս մէջ` ազգիս ճակատագիրը տեսայ հոն: Հազարամեակներու այս ուղեւորը որո՞նց ճամբան կը գոցէ, որո՞նք են, որ վերստին դաւեր կը նիւթեն անոր ու ան, անկարո՞ղ թէ անհասու կատարուողին, ղեկ ու թիակ յանձնած ալիքներուն` կը դեգերի ժամանակի ծովուն մէջ, մինչեւ ի սպառ հալիլը: Կը դեգերի` իր անտունութեան համար մեղաւոր ճանչնալով իրմէ զատ բոլորը, առանց իր ներքին ուժերը արթնցնելու ճիգի, գինովի մը հեշտանքով ենթարկուած բախտի հարուածներուն, բախտի ետեւէն վազելով, երբ ան իր իսկ ափին մէջ պէտք է փնտռէ:

Արմատահան կ՛ընեն զմեզ, ծուէն-ծուէն կը ցրուեն մոլորակով մէկ` անապատի խորշակէն քշուող աւազահատիկներու պէս: Իսկ մենք, հոտային բնազդո՞վ իրարու ետեւէն երթալով, թէ՞ գաղթականի անհանգստութիւնը մեր արեան ու բջիջներուն մէջ ներծծուած` միշտ խաբուսիկ երազներու պատրանքով կը լքենք արժէքներ, հող ու սերունդներու երթ եւ տարերայնօրէն կը տրուինք հոսանքին, երբեմն ալ պատրաստ` զմեզ փոշիացնող ձեռքերը համբուրելու: Կը հեռանանք մեր իսկ բերնով «Երկրորդ հայրենիք» յորջորջուած Սուրիայէն, կ՛երթանք ընդառաջ անորոշին, յաճախ` օտարներուն առջեւ նուաստացումներուն:

«Լաւ» կեանքի տեսիլքներով կ՛իյնանք մեզի համար «մեծ» պետութիւններու հիւսած ստորին խարդաւանքներու ցանցը ու կը հեռանանք  նա՛եւ հայրենիքէն: «Լա՜ւ կեանք». որքա՜ն յարաբերական հասկացողութիւն: Մինչդեռ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է պատմութեան առջեւ,  քանի որ մեզմով միայն կրնայ գոյութիւն ունենալ հայրենիքը, հեռանալով` մենք ինքներս զայն կը յանձնենք մեզմէ լաւ գնահատողներուն ու կը դառնանք անհայրենիք, փոշի: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի առնէ այս աղէտին առջեւը, վերջապէս ո՞վ եւ ինչպէ՞ս գերագոյն ճիգով մը խօսքէն գործի պիտի անցնի…

***

Այսօր ես ալ ծառ մըն եմ` բանուկ մայթի վրայ շուքս փռած ու անցող դարձողներու զրոյցներէն  ակամայ պատառիկներ ունկնդրող:

Կիներ կ՛անցնին.

– Հինգ օր է` ջուր չկայ. խոհանոցը շարուած վերջին շիշերն ալ պարպեցի այսօր…

– Ի՞նչ հինգ, ճի՛շդ շաբաթ մը եղաւ. այսօր կարգ մը տեղեր տուեր են, թերեւս սկսան տալ:

– Ելեկտրականութիւնը  թող կտրեն, կը տոկանք, բայց առանց ջուրի կեանք չկա՛յ, ջուրը կեա՛նք է, քա՛,- անակնկալ գիւտ կ՛ընէ տիկինը` ինք ալ իր խոր փիլիսոփայութենէն զարմացած ու փորձելով դէմիններուն հասկցնել: Բայց անոնք աւելի կենցաղային ոլորտի վրայ են:

– Լոգանքի հարցը ինչպէ՞ս ընենք, տասը օր է` չենք լոգցած:

–  Ես ակումբէն կրեցի երէկ, ուսերս կը ցաւին, այսօր ձեռքերս չեն բռներ…

– Չես ալ ուզեր տունդ մարդ գայ, ինչպէ՞ս հիւրասիրես, ետքը ամանները ինչպէ՞ս լուաս:

(Այսպէս, հիւրամեծար հալէպցին կը կորսնցնէ նաեւ իր աւանդական սովորութիւնները):

– Մազս լուալու համար քուաֆէորի գացի, երկու ժամ կարգի կեցայ, հոտ ալ ջուրը վերջացաւ, պարապի սպասեցի:

– Լա՛ւ որ օդը պաղ է, չենք քրտնիր…

– Լաւ էր, թէ որ վառելու մազոթ ունենայինք…

Ուրիշներ.

– Այս անգամուան նպաստը առի՞ր:

– Ես նպաստ չեմ առներ:

– Ինչո՞ւ…

– Մերիններուն երթալու քաշուեցայ, ուրիշներ ալ չեն ընդունիր:

– Քաշուիլը` ինչո՞ւ, քեզ տասը անգամ կշռողներ կ՛առնեն:

– Տեղեր ալ կան, որ ոեւէ մէկու կու տան, գնա՛, ամօթ չէ. ինչե՜ր կու տան` լուբիա, ձէթ, թոն, սարտին,  բրինձ…

– Առնողներն ալ կը տանին, բրինձին քիլոն երեսունով նպարավաճառներու կը ծախեն:

– Ամա՜ն, ատ խեղճերուն քանի մը ղուրո՞ւշը կը հաշուես: Անդին ի՜նչ շահողներ կան, ի՜նչ դրամներ կը դառնան, դուն կ՛ամչնաս երթալ առնել…

– Մարդիկ կան` քանի մը տեղերէ կ՛առնեն:

– Լա՛ւ, ինչո՞ւ անանկ կ՛ընեն, որ մէկը լիանայ, միւսը զրկուի՞:

– Աշխարհը ծուռ եկեր է, ծուռ ալ կ՛երթայ…

Ասոնք ալ անցած են փիլիսոփայութեան:

Ուրիշ կիներ.

– Երէկ Յակոբը շատ անտրամադիր էր:

– Ի՞նչ եղաւ նորէն:

– Տղոց հետ skype-ով  խօսեցաւ…

– Քահրապա ունի՞ք մը, որ կը խօսի:

– Չէ՛- դրացիին ամփերէն  պաթարիան լեցուց ու խօսեցաւ:

– Պաթարիային հայերէն մարտկոց կ՛ըսեն:

– Դո՜ւն ալ… պարտկոց է, ի՛նչ է, թէ որ ըսեմ` ո՞վ պիտի հասկնայ: Հա՛, տղոց ըսաւ, որ մութին ու պաղին նստեր ենք, շաբաթ մըն է չենք ալ լոգցած: Անոնք կատակի առին, ինք ալ նեղուեցաւ, թէ անհոգ են, մեզի չեն խորհիր, մեր վիճակը չեն հասկնար…

– Քա՛, չոճուխները ի՞նչ թող ըսէին, իրենց ալ մտահոգութիւն է, բայց ձեռքերնէն ի՞նչ կու գայ… Քեզի բան մը ըսե՞մ` կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ:

Տիկինը այսպէս հարցը լուծեց, իսկ ես խորհեցայ` եթէ այս պատերազմը մեր տիկինները շատ բաներէ զրկեց, բայց փոխարէնը անոնք շատ ճկուն միտք ունեցան ու յաճախ փայլուն փիլիսոփայական գիւտեր կ՛ընեն:

Երկու  շուարած հայեր:

Այր մը կը մօտենայ մայթին նստած խանութպանին, կը բարեւէ ու`

– Դուն դեռ հո՞ս ես…

– Հո՛ս եմ, ո՞ւր երթամ:

– Ամէն մարդ ո՞ւր կ՛երթայ. այսօր մէկու հետ կը նստիս, կը զրուցես, վաղը ձայնը Ֆրանսայէն կամ Քանատայէն կու գայ: Լուր ալ չեն տար, կարծես իրենց ճամբուն արգելք պիտի ըլլաս: Դուն Հայաստանի փասփոր առի՞ր մը…

– Առած եմ, ինչո՞ւ…

– Լա՛ւ որ առեր ենք, հիմա գործի կը ծառայէ. Ամերիկան հայկական փասփոր ունեցողներուն վիզա կու տայ:

– Գիտեմ, «Հայ տուն»-ը Քանատա կը տանի…

– Չէ՛, ասիկա ուրիշ է. տանողը Ամերիկան է, եօթանասուն հազարի խօսք կը դառնայ:

– Ինչո՞ւ, հոս այդքան հայ մնա՞ց:

– Ուրկէ կ՛ուզես դիմէ, միայն հայ ըլլաս ու փասփոր ունենաս: Փրկութիւն է, գարտա՛շ…

– Փրկութի՞ւն է, թէ ռեզիլութիւն, ի՞նչ եղաւ մէկէն, որ մեզի գիրկ կը բանան. թո՞ւրքը ականջնուն բաներ մը փսփսաց:

– Է՛, կրնայ ըլլալ…

– Ո՞վ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կը դառնայ, բայց բան մը յստակ է` կը պարպեն Հայաստանը ու հիմա ալ` Հալէպը: Եղեռնի 100 տարին կը նշենք. ասիկա եղեռն չէ` ի՞նչ է…

Է՜, ի՞նչ ընենք, երէկուան հաուններէն քանի՜ հոգի մեռաւ…

Միւսը ոտքի է, քիչ առաջուան խանդավառութենէն հետք չէ մնացած: Թերեւս ալ եկած էր իր մեկնումը բարեկամին յայտնելու, բայց առանց ըսել համարձակելու, կը հեռանայ` աշխարհի հոգսերուն տակ կքած, ղեկ ու ղեկավար, նաւ ու թիակ կորսնցուցած գաղթական հայը…

 

 

 

Նախորդը

Ֆեթիշ 100-Ամեակի Նախօրեակ. Ռազմափորձ` Գիտնալու Համար, Որ Ատակ Ենք Յաղթանակի

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.