Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքը Ձեզ Չի Մոռանայ, Ընկ. Վահան

January 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամէն անգամ, որ խնդրանք մը, պատուէր մը կամ իրականանալի աշխատանք մը ունէր յանձնարարելիք ընկ. Վահանը, դիմելով տուեալ ընկերոջ, իրեն յատուկ հիւմըրով, պատուէրը անպայման կատարելու գրաւչութիւն պարուրելով կ՛ըսէր. Հայրենիքը ձեզ չի մոռանայ: Առանց հրահանգչական ոճի, առանց բռնութեան, առանց համոզելու յատուկ ճիգի, խնդրանքը, պատուէրը կամ հրահանգը կատարուած էր. եւ կատարուած էր սիրով, գոհ, գոհունակ, հանգիստ, ժպիտով: Ժպիտով ու հիւմըրով փոխանցուած, ժպիտով ու հիւմըրով ընկալուած եւ նոյնքան սիրով կատարուած:

Գուցէ ա՛յս էր ընկ. Վահանի գրաւչութեան գաղտնիքը ամէնէն շատ: Իր մասնագիտութեան, իր պատրաստաբանութեան, հռետորական հմտութեան, շրջապատին մէջ կեդրոն դառնալու բնածին յատկութեան, կուսակցական եւ պետական մտածողութիւններու համատեղման արուեստի տիրապետման վահանեան արժէքներուն առընթեր այս անմիջականութիւնը, բայց մանաւանդ անգերազանցելի հիւմըրը Վահանին անձին վրայ կեդրոնացուցած էին այն մագնիսական ուժը, որ իր շուրջ կը հաւաքէր գաղափարակիցներն ու ոչ գաղափարակիցները, հարազատները, ընկերները, գաղափարական հակառակորդները, բոլո՛րը:

Իր իւրայատկութիւններուն, բացառիկ հմտութիւններուն, առաջնորդի եւ ղեկավարի տաղանդաշատ յատկանիշերուն դեռ երկար անդրադարձ կը կատարուի: Ամենաթէժ քննարկումներուն ընթացքին անգամ, երբ ընկ. Վահանը յայտնուէր ամպիոնի ետին, հետեւողը գիտէր, որ սուր ակնարկներով, դիպուկ քննադատութիւններով, երգիծական երանգով ըսուածը տեղ կը հասնէր եւ ենթական անպայման հաշուի կը նստէր կատարուած դիտողութեան հետ: Եւ փաստ է, որ ոչ ոք` ամենաբարձր պաշտօնեայէն մինչեւ խորհրդարանի ոեւէ անդամ ընկ. Վահանի հետ չէր գործածած այն լեզուն, որ այլապէս գործածած էր: Համատարած, ընդհանուր ընկալում կար Վահան Յովհաննիսեանի նկատմամբ: Եւ այս մէկը մեծ առաւել էր ոչ միայն անձին, այլ ընդհանրապէս իր կուսակցութեան:

Ընկ. Վահանը իրաւունքը ունէր հայրենիքի անունով չմոռնալու խոստումներ փոխանցելու: Ինք համակ հայրենիքն էր իր հոգեկերտուածքով, նկարագրով, մտածողութեամբ եւ նուիրումով: Հայրենիքը, գուցէ մեզմէ շատերիս մոռանայ, եւ սա օրինաչափ է ու բնական: Սակայն հաստատ չի մոռանայ ընկ. Վահանին:

 

 

 

Նախորդը

Վահանը` Վահանի Վրայ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցական Ուղերձը` Վահան Յովհաննիսեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.