
Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանի հետ տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու պատգամաւորները ներկայացուցին խորհրդարանական ընդդիմութեան կեցուածքները իշխանութիւն- Հայ ազգային քոնկրես երկխօսութեան առնչութեամբ: Արծուիկ Մինասեան Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան յայտարարութիւններուն միջեւ առնուազն երկու անհեթեթութիւն կը տեսնէ: Անոր համար անընդունելի է երկխօսութիւնը «աննախադէպ» որակելը: «Ո՞վ ըսաւ: Աննախադէպ կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ անիկա որոշակի երկու ուժերու համար վերածուի բանակցութիւններու` գործարքի մակարդակով: Բայց երկխօսութիւնը ինքնին աննախադէպ չէ եղած: Հայ քաղաքական կեանքին մէջ միշտ ալ տարբեր ձեւաչափերով երկխօսութիւն եղած է», նշեց Ա. Մինասեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ասիկա երկու կողմէն ալ ընդամէնը փորձ մըն է` ցոյց տալու, որ քաղաքական դաշտին մէջ իրենք են թելադրողները: Ան համոզում յայտնեց, որ այս երկխօսութիւնը ոչ մէկ տեղ պիտի տանի: «Յանկարծ այնպիսի տպաւորութիւն մը թող չստեղծուի, որ մենք կը նախանձինք, այդպիսի բան չկայ, ի սէր Աստուծոյ: Երկուքն ալ կը ճանչնանք, գիտենք անոնց քաղաքական դիմագիծերն ալ, անոնց տեսակէտներն ալ, որոնք մեծ հաշիւով եւ շատ մեծ հարցերու մէջ կը համընկնին», ըսաւ դաշնակցական պատգամաւորը:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան երկխօսութեան մասին իր կարծիքը չէ փոխած, քանի որ, ըստ իրեն, իր արժեհամակարգը եւ ճաշակը այդպիսի արագութեամբ չեն փոխուիր: Ան նշեց, որ չակերտաւոր «երկխօսութեան» առաջարկներ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը շատ ստացած է, բայց իրենք միշտ մերժած են:
Ըստ անոր, իսկական երկխօսութեան հիմնական ճամբան այն է, որ ընդդիմութիւնը լուրջ լծակներ ունենայ: Անկէ լաւ երկխօսութիւն հասարակութեան եւ պետութեան համար չի կրնար ըլլալ: Ա. Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ ատիկա պիտի բերէ փոխադարձ վերահսկողութիւն, ինչ որ ամբողջ քաղաքական համակարգին վրայ դրականօրէն պիտի ազդէ եւ այդ շրջագիծին մէջ է, որ հասարակութեան առջեւ բարձրացած խնդիրները պիտի լուծուին:


