Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ՄԸ

July 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հիերապոլսոյ հնամեայ քաղաքին մէջ 32 տարիէ ի վեր պեղումները գլխաւորող իտալացի հնագէտ մը յայտարարած է, որ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը:

Լրատուութեան մէջ թէեւ չի նշուիր, թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած է ճշդել, որ յայտնաբերուած գերեզմանը իսկապէս Ս.Փիլիպպոս առաքեալինն է, սակայն թրքական լրատուամիջոցներուն խանդավառութիւնը հասկնալի է: Իտալացի հնագէտը կը նշէ, որ Ս. Փիլիպպոսի «գերեզմանին յայտնաբերումը ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ» եւ գերեզմանը քրիստոնէական ամբողջ աշխարհին համար ուխտատեղի պիտի դառնայ: Այլ խօսքով` դէպի Թուրքիա զբօսաշրջութիւնը խթանելու ազդակի մը պիտի վերածուի:

Հաւատքը հոգեւոր աշխարհին պատկանող երեւոյթ մը ըլլալով` ամրապնդման համար կարիքը չունի աշխարհագրական այսպիսի վայրերու օժանդակութեան: Այդպիսի կարիք մը թերեւս կրնայ իր մէջ թերահաւատութեան սաղմեր պարունակել: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել, որ շատեր Երուսաղէմը ուխտատեղի կը նկատեն, որովհետեւ Քրիստոս այդտեղ շրջած ու գործած է, երբ հաւատացեալ մը գիտէ, թէ Քրիստոս ամէնուրեք է, եւ աշխարհի վրայ չկայ անկիւն մը, ուր չի շարունակեր շրջիլ ու գործել:

Յայտնաբերուած այս գերեզմանը, որ իտալացի հնագէտին վկայութեամբ առայժմ տակաւին չէ բացուած, անկախ իր հնագիտական արժէքէն, Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նպաստող ազդակ մը կը ներկայացնէ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԿԱՐՕՏԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ

Յաջորդը

«ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ» ՈՐԱԿԵԼԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.