
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյնըր երկրին սպառնացող պետական պարտքերու չվճարման վտանգի հարցին առնչութեամբ պատկերասփռուած արտակարգ ուղերձով մը դիմած են ժողովուրդին:
Պետական պարտքի առաստաղը եթէ չբարձրացուի, ամերիկեան կառավարութիւնը զայն վճարելու իր անկարողութիւնը պիտի յայտարարէ: Նկատի ունենալով հարցին կարեւորութիւնը, երկու ուղերձները սփռուած են ամերիկեան բոլոր գլխաւոր պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ` խախտելով անոնց երեկոյեան ծրագիրներու աւանդական հերթականութիւնը:
«Եթէ մենք պարտքերը վճարելու մեր անկարողութիւնը յայտարարենք, ապա բաւականաչափ գումար չենք ունենար վճարումներ կատարելու համար, չենք կրնար կենսաթոշակը եւ հաշմանդամութեան թոշակներ վճարել, ինչպէս նաեւ ի վիճակի չենք ըլլար հազարաւոր ընկերութիւններու հետ կնքուած կառավարական համաձայնագիրերով ամրագրուած վճարումները կատարելու», ըսած է Օպամա եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկրի «Էյ. Էյ. Էյ.» վարկանիշը կրնայ իջնել, ինչ որ ներդրողներուն մօտ ամերիկեան կառավարութեան ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ անվստահութիւն պիտի յառաջացնէ:
«Տոկոսներու համեմատութիւնները պիտի բարձրանան եւ ամերիկացիներուն համար, ըստ էութեան, պիտի դառնան նոր տուրք: Մենք խոր տնտեսական ճգնաժամ հրահրելու վտանգին առջեւ կանգնած ենք. քոնկրեսը մէկ շաբաթ ունի անհրաժեշտ որոշումները որդեգրելու համար», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Օպամայի ելոյթէն 5 վայրկեան ետք պետական պատկերասփիւռի կայանը սփռած է նաեւ Ճոն Պէյնըրի ելոյթը, որուն մէջ ան ամերիկեան տնտեսութեան ներկայ իրավիճակին համար պատասխանատու նկատած է Օպաման: «Եթէ նախագահը կ՛ուզէ պետական պարտքի առաստաղը բարձրացնելու թոյլտուութիւն ստանալ քոնկրեսէն` չկրճատելով պետական պիւտճէի ծախսերը, ապա ան զայն պիտի չստանայ», ըսած է Պէյնըր:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Թիմ Կայթնըր ըսած էր, որ 2 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ իրենց պարտքերը վճարելու անկարողութիւն պիտի յայտարարեն, որովհետեւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամները չեն ուզեր պետական պարտքի առաստաղը բարձրացնել: Իբրեւ արդիւնք, տնտեսական մարզին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ պատճառ դառնալ 1930-ականներու ընկճախտի կրկնութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մեծ ճգնաժամի:


