Երէկ` երկուշաբթի, 15 դեկտեմբերին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Էսթոնիա, ուր պիտի կատարէ բարեկամական երեք մրցում: Հայկական կազմը, 16 եւ 17 դեկտեմբերին իր դէմ պիտի ունենայ Էսթոնիոյ ազգային խումբը, իսկ 19 դեկտեմբերին` «Արարատ-դդու» խումբը:
Ասիկա Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականին համար պիտի ըլլայ վերջին նախապատրաստութիւնը, 13-18 յունուար 2015-ին Շուէտի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքէն առաջ:
Զտումի մրցումներուն Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերն են` Շուէտ, Հոլանտա եւ Իսրայէլ:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


