Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Եւ Ապահովական Անդորրութեան Ամրապնդման Նախանձախնդրութեամբ`. Ճիգերը Կը Շարունակուին Մէկէ Աւելի Ճակատներու Վրայ

December 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերու սեմին քաղաքացիներուն եւ երկրի վարիչներուն մտահոգութիւնները կեդրոնացած են քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային կացութեան կայունացման հրամայականին վրայ: Քաղաքացիներէն ոմանք իրենց ցասումը արտայայտեցին բողոքի ցոյցերով Պէյրութի թէ Թրիփոլիի եւ Ժիէի մէջ: Իսկ վարիչները կը շարունակեն իրենց քուլիսային թէ հրապարակային ճիգերը` տագնապալի կացութեան լուծման մը ձգտումով:

Արդարեւ, ուշագրաւ են վերջին օրերուն թափ ստացած, քուլիսներու ետին կայացող միջլիբանանեան մասնակի երկխօսութեան ճիգերը` Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեանց ղեկավարներ երեսփոխան Միշել Աունի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ: Այս իմաստով Լիբանանեան ուժերու մէկ աղբիւրը հաստատեց, որ «Ժահժահի Ռապիէ այցելութեան միտումը լուրջ է, հեռու` քաղաքական սակարկութիւններէ»: Նմանապէս, «տաք կրակ»-ի վրայ են Հըզպալլա -Մուսթաքպալ հանդիպումի հաւանականութեան գծով տարուող ճիգերը: Այս ծիրին մէջ Մարտ 8-ի ուժերու աղբիւրներ նման հանդիպում մը հաւանական կը նկատեն յառաջիկայ տօնական օրերուն ընթացքին: Նոյն ծիրին մէջ, դրական ազդանշան կը նկատուի հաւատարմութիւն դիմադրութեան խորհրդարանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի յայտարարութիւնը, թէ` իրենք պատրաստ են հասկացողութեան գալու բոլոր կողմերուն հետ` իրապաշտ կերպով ու մեկնելով իրենց համոզումներէն»: Նոյն ուղղութեամբ կ՛ընթանան Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի ճիգերը: Վերջինս նախորդ շաբաթավերջին այցելեց հարաւային Լիբանանի Հասպայա, Մարժեհիուն եւ մերձակայ շրջանները երկխօսութեան կոչ ուղղելով հակադիր կողմերուն, որոնց կարգին նաեւ Հըզպալլայի հետ:

Սակայն ներքին ճակատի վրայ թափ ստացող այս ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին արտաքին «կանաչ լոյսերու» աշխուժացումով, ինչ որ կը վերահաստատէ լիբանանեան հարցին լուծման առնչութիւնը շրջանի կացութեան զարգացումին` միամտութիւն նկատելով հակառակին ենթադրութիւնը: Այս իմաստով, երեւութապէս ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական բնոյթի այցելութիւնները խորքին մէջ թիրախ ունին նաեւ քաղաքական հեռանկար: Արդարեւ, ֆրանսացի պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ, որ վերջերս Պէյրութ այցելած էր, լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ֆրանսական զինամթերքին շուրջ խօսակցութեանց ընթացքին կը քննարկէր նաեւ Լիբանանի նախագահութեան աւելի քան երկու հարիւր օրերէ ի վեր թափուր մնացած աթոռին հարցը` պատրաստակամութիւն յայտնելով «միջամտելու» սէուտական Արաբիոյ մօտ: Նոյն ծիրին մէջ է նաեւ Սամիր Ժահժահի Սէուտական Արաբիա մեկնումը` խորհրդակցութեանց համար:

Արտաքին ճիգերու ծիրին մէջ, այսօր Պէյրութ կը ժամանէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Իլիասոն, որ երկրի վարիչներուն հետ պիտի խորհրդակցի նախագահական ընտրութեան գծով, Նմանապէս, ռուս բանագնաց Միխայել Պոկտանով վերջերս Պէյրութ կատարած այցելութիւնը իր արդիւնքները պիտի դրսեւորէ մօտերս նախատեսուող Մոսկուա-Իրան-Սուրիա խորհրդակցութեանց ընթացքին:

Նաեւ` Ապահովական Գետնի Վրայ

Այս բոլորին կողքին, քաղաքացիները հանգստացնող դրական քայլ կը նկատուին բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ծրագրած «ապահովական արտակարգ միջոցառումներու ծրագիր»-ի մասին տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին երկրի կրօնական, առեւտրական եւ քաղաքական կարեւոր կեդրոններուն մօտ` կանխարգիլելու եւ դիմակալելու համար «տօնական օրերուն ծրագրուող խափանարարական եւ ահաբեկչական քայլեր»-ու փորձերը:

Այս բոլորին լոյսին տակ քաղաքացիներուն կը մնայ յաճախ կրկնուող նման դրական ազդանշաններու իրականացումը տեսնել:

Այս ծիրին մէջ դէտեր մեծ յոյսեր կը կապեն եւ լաւատես են առեւանգուած զինուորականներուն գծով նոր «միջնորդ»-ի մը բացայայտումին գծով` Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ: Արդարեւ, շէյխ Ուիսամ Մասրի կը նկատուի այս թնճուկի լուծման խաղաղարար նոր միջնորդը, որ կը վայելէ միաժամանակ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հաւանութիւնը:

Նմանապէս գօտեպնդիչ էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութիւնը բանակցութեան պիտի սկսի միայն «զինուորները սպաննելու արարքի դադրեցման յայտարարութեան լոյսին տակ»` իբրեւ նախապայման որեւէ կապակցութեան ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի հետ:

Նախորդը

Առեւանգուած Զինուորականներուն Զօրակցութեան Բողոքի Ցոյց` Ռիատ Սոլհի Մէջ

Յաջորդը

«Ակօս» Ցեղասպանութեան Մասին Օսմաներէն Փաստաթուղթ Մը Կը Հրապարակէ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.