Նախանցեալ գիշեր զինադադարի աննախընթաց խախտումներ արձանագրուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական ուժերու սահմանագիծին վրայ: Ըստ «Երկիր»-ի կայքին, հակառակորդը զինադադարը խախտած է Ասկերանի ուղղութեամբ, կիրարկուած են նաեւ ականանետեր:
Բարեբախտաբար, հայկական կողմը կորուստներ չունի, փոխարէնը, ըստ «Երկիր»-ի կայքին, ազրպէյճանցի չորս զինուորներ սպաննուած են: Ազրպէյճանական կողմը կատարուածին մասին տեղեկատուութիւն չէ հրապարակած:


