
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս պիտի զարգանան հայ-ամերիկեան քաղաքական ու տնտեսական կապերը, երբ Հայաստան դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ:
Պատասխանելով «ինչպէ՞ս դուք կը տեսնէք հայ-ամերիկեան քաղաքական ու տնտեսական կապերու ապագան, երբ Հայաստան վերջ ի վերջոյ դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէկ մասը» հարցումին Փսաքի ըսած է. «Բոլոր երկիրներն ալ իրաւունք ունին ընտրելու տնտեսական համարկման ու զարգացման այն ուղին, որ կը բխի իրենց ազգային շահերէն: Ոչ մէկ երկիր իրաւասու է որոշելու այլ երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական կողմնորոշումը կամ այն դաշինքներն ու առեւտրական միութիւնները, որոնց այդ երկիրները պէտք է անդամակցին:
«Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի հետ` աջակցելով այդ երկրին մէջ ժողովրդավարական ու տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման, ինչպէս նաեւ պահպանելով արձանագրուած յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է հայ-ամերիկեան համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ»:
Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը Ռուսիան, Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը ստորագրած էին այս տարուան 29 մայիսին` Ասթանայի մէջ: Անիկա ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին:


