
Զօր. Ֆրանսուա Հաժի նահատակութեան է. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրէ ետք Մար Ապտա եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ ընդգծեց, թէ Ֆրանսուա Հաժ նահատակուած է Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր` աւելցնելով, որ լիբանանցիները մնայուն կերպով պարտական են իրենց բանակին, որ արեան գնով կը պահպանէ երկիրն ու քաղաքացիները:
Մաթար եպիսկոպոսը ողջունեց բանակն ու անոր նահատակները, որոնց շնորհիւ կը գոյատեւէ Լիբանանը:
Նշենք նաեւ, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութեամբ երէկ երեկոյեան Պաապտայի հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսուա Հաժի նուիրուած յուշարձանին եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:


