
Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան Թ. տարելիցին առիթով, երէկ Էշրեֆիէի Մար Մթըր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ Թուէյնիի ընտանիքին, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանիի եւ Մոհամետ Քապպանիի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի, դիւանագիտական ներկայութեան, ինչպէս նաեւ բարեկամներու հոծ բազմութեան:
Աուտէ եպիսկոպոս իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան Ժըպրան Թուէյնիի յայտարարած երդումին հիման վրայ չէ որ կ՛ընթանայ:
Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ ժողովրդավարական կարգերով ընթանալու համար Լիբանան եւ լիբանանեան քաղաքական կողմերը կարիք ունին երկխօսութեան:
Իր կարգին, խօսք առաւ Ժըպրան Թուէյնիի դուստրը` Միշել Թուէյնի, որ իր խօսքը ուղղելով իր հօր նշեց, որ անոր թոռը` փոքրիկն Ժըպրան մնայուն կերպով կը լսէ իր մեծ հօր մասին, մեծ հետաքրքրութեամբ հարցումներ կը հարցնէ անոր մասին եւ կը ցանկայ յաւելեալ պատմութիւններու եւ լուսանկարներու պրպտումը կատարել:
«Կ՛ուզե՞ս քեզի պատմեմ Լիբանանի այսօրուան կացութեան մասին: Երանի զիս խնայես այնպիսի պարտականութենէ մը, որ քեզի տխրութիւն պիտի պատճառէ», ըսաւ Թուէյնի:


