Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրած է օրինագիծ մը, որով նախագահ Պարաք Օպամային իրաւունք կը տրուի Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու: Օրինագիծը նաեւ կը նախատեսէ Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան տրամադրում:
Օրինագիծը առաջարկուած է շարք մը հանրապետական եւ դեմոկրատական ծերակուտականներու կողմէ:
Օրինագիծը Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւունք կու տայ պատժամիջոցներ սահմանել «Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ռուսական կառավարութեան կողմէ վերահսկուող ընկերութիւններու դէմ»:
Մասնաւորաբար կը նախատեսուի պատժամիջոցներու սահմանում նաեւ օտարերկրացիներու դէմ, եթէ հաստատուի, որ անոնք լուրջ ներդրումներ կը կատարեն ռուսական որոշ նախագիծերու մէջ` կապուած քարիւղի հետ:


