Արաբական ծոցէն լաւատեղեակ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ծոցի երկիրները Տոհայի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովին աւարտէն անմիջապէս ետք արագ եւ իրողական քայլերու դիմած են` դէմ դնելու համար Ծոցի տեղական եւ արաբական հարցերուն մէջ միջամտելու միջազգային ներթափանցումներուն կամ փորձերուն, որոնք սկսած են երեւան գալ եւ կը ղեկավարուին «դրացի շրջանային պետութիւններու կողմէ»:
Աղբիւրը նշեց, որ Ծոցի երկիրները ճշդած են շարք մը պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու անմիջական ժողով մը, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Ռիատի մէջ` ճշդելու համար Ծոցի շրջանի ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութեան փորձ կասեցնելու աշխատանքի ընդհանուր շրջագիծն ու պատկերացումը: Ծոցի երկիրները դժգոհութիւն ու մտահոգութիւն յայտնած են շրջանային երկիրներու կողմէ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտութեան առնչութեամբ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ յառաջիկայ օրերուն կրնանք ականատես դառնալ այդպիսի փորձերը կասեցնելու Ծոցի երկիրներու միացեալ կեցուածքի մը` նշելով. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քանի մը օր առաջ կատարած յայտարարութիւնները միջազգային ու շրջանային ընդունուած կարգերը կ՛ոտնակոխեն, մանաւանդ երբ կը յայտարարէ, որ իր երկիրը իրաւունք ունի միջամտելու Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ Պոսնիոյ իրադարձութեանց, բան մը, որ հրապարակաւ մերժեց Եգիպտոս եւ զայն իր կայունութեան վերաբերող գերիշխանական հարցերու միջամտութիւն մը նկատեց, ինչ որ արաբական երկիրներուն կը ստիպէ աւելցնելու համագործակցութիւնը` վերջ դնելու համար արաբական ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեանց եւ դէմ դնելու համար անոնց»:


