
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Օլեքսանտր Փաւլիւքը` դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ աւարտելու առիթով:
Հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Փաւլիւքին Հայաստանի մէջ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը պատուով եւ յաջողութեամբ աւարտելու համար` ընդգծելով, որ Փաւլիւքի վրայ, իբրեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի առաջին ղեկավար, մեծ պատասխանատուութիւն դրուած էր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ յաջորդ դեսպանը նոյն նուիրումով եւ եռանդով կը շարունակէ իր նախորդին գործը: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ, եւ բարձր կը գնահատէ Եւրոպական խորհուրդի աջակցութիւնը մեր երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:
Օլեքսանտր Փաւլիւք եւս արդիւնաւէտ նկատած է Հայաստանի հետ իր գլխաւորած գրասենեակին համագործակցութիւնը եւ անցեալ երկու տարիներուն Հայաստան – Եւրոպական խորհուրդ գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման ուղղութեամբ մեծածաւալ աշխատանքը` նշելով, որ ժողովրդավարական հոլովոյթները խորացնելու եւ ամրապնդելու նպատակով, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ շահագրգռուած այլ նախարարութիւններու հետ կը քննարկուի նոր` 2015-2017 թուականներու գործողութիւններու ծրագիր մշակելու հարցը:
Նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթած է Օլեքսանտր Փաւլիւքին` հետագայ գործունէութեան մէջ եւ յոյս յայտնած, որ ան Հայաստանէն պիտի տանի ամէնէն լաւ յիշատակները պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին բարեկամը:
Օլեքսանտր Փաւլիւք երէկ նաեւ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Նախարար Նալբանդեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Օլեքսանտր Փաւլիւքին անոր արդիւնաւէտ երկամեայ գործունէութեան համար, նշած է, որ անոր պաշտօնավարութիւնը համընկած է Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան, որուն ընթացքին բազմաթիւ արդիւնաւէտ ծրագիրներ իրականացուած են: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի ղեկավարին յաջողութիւն մաղթած է անոր հետագայ գործունէութեան մէջ:
Օլեքսանտր Փաւլիւք շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցաբերած համակողմանի աջակցութեան համար եւ ընդգծած է, որ անցեալ տարի Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը արդիւնաւէտ եղած է:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ 2012-2014 թուականներուն գործողութիւններու ծրագիրին իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են 2015-2017 թուականներու գործողութիւններու ծրագիրին վերաբերեալ:


