
Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննող Օկիւն Սամասթ յայտնած է, որ Տինքի սպանութեան մէջ պատասխանատու են երկու նախկին ոստիկանապետեր: Ըստ «Տինքէն» լրատու կայքին, Սամասթ Տինքի սպանութեան «ետին կանգնած ըլլալու մէջ» մեղադրած է Տրապիզոնի նախկին ոստիկանապետ Ռամազան Աքեիւրեքը եւ Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ալի Ֆուաթը:
«Անոնք ինծի ստիպեցին սպաննել: Եթէ իմ խօսքերուս ճշմարտութիւնը բացայայտուի, սպանութեան ետին կանգնած մարդիկ կը յայտնաբերուին», ըսած է մարդասպանը: Ան խոստովանած է, որ սպանութիւնը հրահրողներէն Եասին Հայալ իրեն վստահեցուցած էր, որ «10 տարուան ազատազրկման կ՛ենթարկուի, սակայն 4-5 տարիէն ազատ կ՛արձակուի»:
Ըստ թրքական լրատու կայքին, Սամասթ ըսած է. «Անոնք ըսին` ուղիղ կը կրակես, եւ ատիկա կ՛ըլլայ մեր ստորագրութիւնը»: Յիշեցնենք, որ Սամասթ 17 նոյեմբերին նամակ գրած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հետաքննող դատախազին` ցանկալով «կարեւոր բան» ըսել: Ան 5 դեկտեմբերին, իբրեւ վկայ վկայութիւն տուած էր:


