Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կարսի մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք ստորագրուած է Կարսի հռչակագիրը: Նշենք, որ հանդիպումը տեղի ունեցած էր չորեքշաբթի օր:
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ կողմերը պիտի համագործակցին շրջանին մէջ կայունութեան, բարեկեցութեան ապահովման, շրջանային նախագիծերու իրականացման եւ ազգերու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հարցերուն մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի նախորդ երեք նմանատիպ հանդիպումներու ընթացքին ստորագրուած Տրապիզոնի հռչակագիրի, Պաթումի միացեալ հաղորդագրութեան եւ Գանձակի յայտարարութեան կարեւորութիւնը:
Նախարարները յայտարարած են տագնապներու արագ լուծման անհրաժեշտութեան մասին, որովհետեւ անոնք կը խաթարեն խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու շրջանի տնտեսական զարգացումը:
Անոնք կոչ ուղղած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու, ինչպէս նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հարցերը լուծելու միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համապատասխան:
Այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ «Հայաստան պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէ դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար»:
Չաւուշօղլու նաեւ նշած է, որ պաշտօնական Անգարա կը ճանչնայ ե՛ւ Ազրպէյճանի ե՛ւ Վրաստանի հողային ամբողջականութիւնը:


