Զահլէի մէջ երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմը, որուն մաս կազմեցին լրագրող Եումնա Ֆաուազ եւ քամերամեն Սաատ Այեատ երէկ Զահլէի մէջ ենթարկուեցան յարձակումի, երբ կը ծրագրէին նկարել Փիեռ Ֆաթթուշի պատկանող սիմենթի եւ պեթոնի գործարանի մը հիմնումին մասին:
Ֆաուազ եւ Այեատ ենթարկուեցան խոշտանգումի եւ զէնքի ուժով բանեցուած սպառնալիքի, ինչպէս նաեւ արգելափակուեցան երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի եղբօր Փիեռ Ֆաթթուշի թիկնապահներուն կողմէ:
Թիկնապահները արգիլեցին «Ժատիտ»-ի անձնակազմը իրենց աշխատանքը շարունակելէ:
Այս մասին լսելէ ետք բանակն ու ապահովութեան ուժերը փութացին Զահլէ, ազատ արձակելու համար լրագրողներն ու ձերբակալելու համար յանցագործները:
Այս արարքը դատապարտուեցաւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Էլի Սքաֆի կողմէ:
Սքաֆ այս արարքը համազօր նկատեց միլիսներու արարքին, ընդգծելով, որ նման արարքներ մնայուն կերպով կը գործուին Ֆաթթուշ ընտանիքին կողմէ եւ պահանջեց պետութենէն իր հակակշիռին տակ առնել կացութիւնը:
«Ես Զահլէի բնակիչներուն անունով Փիեռ Ֆաթթուշի կ՛ըսեմ. Բաւարար է, համբերութեան բաժակը լեցուած է», շեշտեց Սքաֆ:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք խստիւ դատապարտեց այս արարքը եւ շեշտեց, որ Զահլէի մէջ ներխուժումները պիտի շարունակուին մինչեւ որ կարելի ըլլայ բոլոր յանցագործները ձերբակալել, ինչպէս նաեւ իմանալ, թէ անոնք որո՞ւն կողմէ ղրկուած էին` այդ արարքները կատարելու:
Կէս գիշերին ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կէս գիշերին շրջափակեց երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի եւ անոր եղբօր Փիեռ Ֆաթթուշի բնակարանները, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց երեք յանցագործներ:
Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ դատապարտեց «Ժատիտ»-ի անձնակազմին դէմ գործուած յարձակումը, հաստատելով, որ անկարելի է լրագրող մնայուն կերպով թիրախ դարձնել` անոնց պարտականութեան ճամբուն վրայ, խոցելով անոնց արժանապատուութիւնն ու անիրաւելու զանոնք:
Ժրէյժ յայտնեց, որ ինք դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովութեան ուժերուն մօտ քայլերու պիտի դիմէ այս հարցով, որպէսզի հետաքննութիւն բացուի եւ յանցագործները պատժուին:
Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը դատական հարց յարուցեց Փիեռ Ֆաթթուշի դէմ:


