
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնականի տեղակալ Մեթիու Սփենսը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկացի զինուորականներու պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
Սփենս այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:


