Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ գետի յորդելուն եւ յորդառատ անձրեւներու պատճառով յառաջացած ողողումը պատճառեց չորս զոհ:
Օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով Յունաստանի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ լուրջ խնդիրներ յառաջացած են` կապուած ելեկտրականութեան մատակարարման հետ:
Օրեսթիատա, Սուֆլի եւ Ֆերես բնակավայրերուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է, օդերեւութաբանական պայմաններու վատթարացման պարագային հաւանաբար բնակիչները շրջանէն հեռացուին:
Բնակիչները դժգոհ են, որովհետեւ արդէն քսան հազար հեկտար գիւղատնտեսական տարածք անցած է ջուրի տակ եւ վնասուած են շարք մը տուներ:


