Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնէլ Մեսսի անցեալ շաբաթավերջին եւս նոր մրցանիշ մը հաստատեց իր ակումբին հետ: Սպանիոյ 14-րդ հանգրուանի խաղերուն, երբ Պարսելոնա 5-1 արդիւնքով յաղթեց Էսփանիոլին, Մեսսի իրագործեց հեթրիք մը եւ այսպիսով ան Պարսելոնայի հետ իր կոլերուն ընդհանուր թիւը բարձրացուց 402 կոլերու` դառնալով սպանական ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին խաղացողը, որ մէկ ակումբի հետ նշանակած է աւելի քան 400 կոլ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ այս տարի Մեսսի ուրիշ կարեւոր մրցանիշ մըն ալ հաստատեց, երբ դարձաւ Սպանիոյ ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի պատմութեան ամէնէն շատ կոլ նշանակող խաղացողը` գերազանցելով սպանացի Թելմօ Զարան:


