Ֆինլանտայի Լապինլախտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դահուկավազքի` Քրոս-Քաունթրիի միջազգային 10 քմ դասական ոճի մրցաշարքին` 8 պետութիւններէ եկած 97 մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այս բոլորին մէջ հայազգի մարզիկ եւ Հայաստանի դահուկավազքի հաւաքականի յառաջատար Սերկէյ Միքայէլեան դարձաւ ախոյեան:
Այս յաղթանակը շատ լաւ պատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ 1-էն 8 փետրուար 2015-ի միջեւ տեղի ունենալիք դահուկավազքի 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան յաջող մասնակցութեան համար:
Նշենք, որ այս լուրը յայտարարուեցաւ Հայաստանի դահուկավազքի մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ:


