
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ դատարանին կողմէ ունկնդրուած է իբրեւ «վկայ»: Սամասթ տուած է երրորդ անուն մը` իբրեւ կասկածելի անձ Տինքի սպանութեան գործին մէջ: Ո՞վ է այդ երրորդ անունը, տակաւին չէ հրապարակուած, սակայն թրքական մամուլը կը տեղեկացնէ, թէ այս անունը մինչեւ այսօր երբեք չէր արտասանուած եւ լսուած:
Սամասթ կարճ ժամանակ առաջ նամակ մը գրած էր այս խնդիրը քննարկող դատախազ Եուսուֆ Հաքքը Տողանին եւ ըսած, որ նոր տեղեկութիւններ կրնայ տալ, եթէ ունկնդրութեան հրաւիրուի: Այս նամակին հիմամբ, դատախազին հրահանգով, Օկիւն Սամասթ Գանտըրայի բանտէն տարուած է Չաղլայանի դատարան, ուր ան դատախազին կողմէ նոր հարցաքննութեան ենթարկուած է: Սակայն այս անգամ Սամասթ կը խօսէր ոչ թէ իբրեւ յանցագործ, այլ` իբրեւ վկայ: «Մարմարա» կը նշէ, որ կը թուի, թէ երեք ժամ տեւած եւ ութ էջ ընդգրկող վկայութեան ընթացքին Սամասթ նոր տեղեկութիւններ տուած է: Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Գտնուեցան նիւթեր, որոնք քննարկման արժանի են»:
Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցին մէջ միշտ յիշուած էին Օկիւն Սամասթի եւ Էրհան Թունճելի անունները: Առաջինը բուն սպաննողն էր, իսկ երկրորդը կը յիշուէր իբրեւ ոճիրը թելադրող եւ կազմակերպող կասկածելի: Այժմ` Սամասթ այդ երկու անուններէն զատ երրորդ անձի մըն ալ անունը տուած է: Այս երրորդ անունը երկարատեւ դատավարութեան ընթացքին երբեք չէր յիշուած եւ նորութիւն է:
Դատախազութիւնը այժմ այս երրորդ անուան շուրջ հետաքննութիւն պիտի կատարէ:


