Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդը Կ՛առաջարկէ Պաշտօնապէս Ստանձնել Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Միջամտութիւնը

December 9, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1208_deryan_rafihiՄինչ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կը շարունակեն Ռիատ Սոլհի վրայ իրենց բաց նստացոյցը, լիբանանցի արուեստագէտներու` երգիչներու եւ դերասաններու սենտիքաներու անդամներ երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցան անոնց մօտ եւ զօրակցութիւն յայտնեցին անոնց, ինչպէս նաեւ ցաւակցեցան անոնց հետ` Ալի Պազզալի նահատակութեան առիթով:

Պատուիրակութեան անունով սենտիքայի նախագահ Ժան Քասսիս շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զանոնք ազատ արձակել:

Նշենք, որ երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին, Ժապհաթ Նուսրա թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն ճռուողեց` հաստատելով, որ լիբանանեան օդուժը ռմբակոծած է Մոհամետ Հիւսէյն Հուժէյրի Ապու Հայսամի բնակարանը եւ ռմբակոծումին պատճառով սպաննուած են ընտանիքին հայրն ու անոր զաւակներէն մէկը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են անոր կինն ու մնացեալ երեխաները:

«Ըստ երեւոյթին առեւանգուած բանակայիններուն ազատագրումին համար կազմուած նախարարական յանձնախումբին կողմէ տրուած որոշումները, որոնք ենթադրաբար առեւանգուած բանակայինները ազատագրելու համար են, պատճառ պիտի դառնան անոնց սպանութեան, այսպէս կոչուած պետութեան հեղինակութեան պատճառով», ընդգծեց Ժապհաթ Նուսրա:

Առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերուն առումով Քաթար պաշտօնապէս յայտնեց, որ կը կասեցնէ իր միջամտութիւնը` առեւանգուած բանակայիններէն մէկուն սպանութեան պատճառով:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց լիբանանցի բանակայինի մը սպանութեան համար` աւելցնելով, որ Քաթար յանձնառու կը մնայ դիւանագիտական բոլոր ջանքերը շարունակելու` ողջ պահելու համար բանակայիններուն:

Ի տես քաթարեան միջամտութեան կասեցման, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի, այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք շէյխ Ռաֆիհի հաստատեց, որ իրենք պաշտօնական գործուղման իրաւունք կը պահանջեն` միջնորդելու համար առեւանգուած բանակայիններուն ազատագրումին:

Ան նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիէն խնդրած է իրենց առաջարկը փոխանցել վարչապետին:

Պէտք է աւելցնել, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումի թղթածրարին գծով ոչինչ կրնայ փարատել իրենց մտահոգութիւնները:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով բանակցող տարբեր կողմերու գոյութիւնը աւելի բարդացուցած է հարցը:

Միւս կողմէ, Արսալի մէջ երէկ պայթեցաւ ականուած ինքնաշարժ մը, որուն պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Հասան Իզէտտին:

Անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ ականուած այդ ինքնաշարժին նպատակն էր թիրախ դարձնել Խալետ Իզէտտինը (Հասանի եղբայրը), որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպառնալիքներ ստացած է:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Փոխվարչապետը

Յաջորդը

Սամասթ Տինքի Սպանութեան Հարցով Երրորդ Անուն Մըն Ալ Տուած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.