
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան:
Վարչապետարանին մէջ Ժիրօ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Հանդիպումէն ետք Ժիրօ յայտնեց, որ ինք Պէյրութ այցելած է վերահաստատելու համար Փարիզի զօրակցութիւնը` Սալամի եւ անոր կառավարութեան, ինչպէս նաեւ ցաւակցագիր մը փոխանցած է անոր` վեց բանակայիններուն եւ առեւանգուած զինուորին նահատակութեան առիթով:
«Ֆրանսա Լիբանանի հաւատարիմ բարեկամն է եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները կը զօրակցի անոր, յատկապէս լիբանանեան ազգային միասնականութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան», ըսաւ Ժիրօ` աւելցնելով, որ իրենք կը գիտակցին, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները իրենց հետեւանքները կ՛ունենան Լիբանանի վրայ:
Ժիրօ` դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռը կը մտահոգէ Ֆրանսան ու անոր գործընկերները: «Ֆրանսա չի փափաքիր միջամուխ դառնալ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, այլ` կը քաջալերէ լիբանանեան պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները եւ կ՛ընդգծէ այդ ընտրութեան կարեւորութիւնը», շեշտեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ֆրանսացի պաշտօնատարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները:
Ընկերակցութեամբ ֆրանսացի դեսպանին` Ժիրօ` այցելեց նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Նեժիպ Միքաթիի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տեղական ու միջինարեւելեան զարգացումները:
Ժիրօ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժիրօ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին զինման հոլովոյթը ամբողջացնելու համար գործնական քանի մը քայլ մնացած է:
Ժիրօ այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:


