
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի տեղակալ դեսպան Ռամզի Իզզէտտին Ռամզի յայտնեց, որ սուրիական ճգնաժամի լուծումը շրջանին մէջ բազմաթիւ ճգնաժամերուն, նախ եւ առաջ միջյարանուանական կռիւներուն լուծման բանալին կը նկատուի:
«Կռիւները դադրեցնելու Տը Միսթուրայի ծրագիրին մանրամասնութիւնները քանի մը օրէն պիտի ներկայացուին վարչակարգին եւ ընդդիմութեան, իսկ անոր քաղաքական հիմքը պիտի ըլլայ «Ժընեւ 1» համաձայնութիւնը», ըսաւ Ռամզի:
Ան յայտնեց, որ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը միջազգայնօրէն ընդունուած միակ փաստաթուղթն է` նշելով, որ Տը Միսթուրայի ծրագիրը գործադրելու ուղղութեամբ աշխատանքը պիտի ըլլայ երկու մակարդակի վրայ. առաջինը` Հալէպի մէջ կռիւները սառեցնելուն նման անմիջական հարցերուն կը վերաբերի, իսկ երկրորդը` միջին ժամանակով, կապ ունի քաղաքական համաձայնութեան հետ:
Տը Միսթուրայի տեղակալը յայտնեց, որ կռիւներու սառեցման նպատակը բնական կեանքի վերադառնալն ու ապա քաղաքական հոլովոյթի անցնիլն է:
«Սառեցումը միայն Հալէպով պիտի չսահմանափակուի, եւ այդ քաղաքը պարզապէս սկիզբը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սառեցումը Հոմսի մէջ տեղի ունեցածին նման սուրիական քաղաքներու մէջ տեղական հաշտեցումներէն տարբեր տարազով պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի գործող նախագահին յղուած նամակին մէջ ՄԱԿ-էն պահանջած է պատժամիջոցներ հաստատել Իսրայէլի դէմ` այդ երկրի օդուժին կողմէ Դամասկոսի մօտ յարձակումներ կատարելուն համար:
Նամակին մէջ նշուած է, որ Իսրայէլ «սարսափելի յանցագործութիւն գործած է Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ»` նիւթական վնաս պատճառելով «շարք մը կազմակերպութիւններու»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ ռմբակոծումները Դամասկոսին պիտի չստիպեն հրաժարիլ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն»:


