«Մարքեթ Ուաչ» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի տնտեսութիւնը Միացեալ Նահանգներու տնտեսութենէն յառաջ անցնելով դարձած է աշխարհի մեծագոյնը:
Միջազգային դրամական ֆոնտը վերջերս հրապարակած է համաշխարհային տնտեսութեան վերջին ցուցանիշները: Չինաստան այս տարի 17,6 եռիլիոն տոլարի ապրանքներ եւ ծառայութիւններ պիտի մատուցէ` Միացեալ Նահանգներու 17,4 եռիլիոն տոլարին համեմատ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ տակաւին 2000-ին Միացեալ Նահանգներ կ՛արտադրէին Չինաստանէն շուրջ երեք անգամ աւելի շատ: Այնուամենայնիւ տնտեսական այս փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ տարուան զարգացումներէն ետք, երբ Չինաստան առաջին անգամ առաջ անցաւ Միացեալ Նահանգներէն համաշխարհային առեւտուրի ցուցանիշներով:
Ըստ յօդուածագիրին, հաշուարկները հիմնուած են իբրեւ գնողունակութեան հաւասարութիւն յայտնի եւ լայնօրէն տարածուած տնտեսական չափանիշի վրայ, որ կը չափէ իրական արտադրողականութիւնը` հակառակ փոխարժէքի տատանումներուն:


