2022 թուականին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան կազմակերպող յանձնախումբը ներկայացուցած է նոր մարզադաշտի մը նախագիծը: Այս մասին կը յայտնէ «Պի.Պի.Սի.»ն:
Ռայան շրջանին մէջ գտնուող այս մարզադաշտը կը կրէ «Քաթար Ֆաունտէյշըն Սթատիում» անունը եւ նախատեսուած է, որ ընդունի 40,000 համակիր: Կառուցման աշխատանքները պիտի աւարտին 2018 թուականին. մարզադաշտը ախոյեանութեան ընթացքին մէկէ աւելի խաղեր պիտի հիւրընկալէ:
Աշխարհի ախոյեանութեան աւարտէն ետք նստարաններուն թիւը պիտի պակսի 25,000-ի, սակայն դաշտը պիտի ունենայ հանրային պարտէզներ եւ լողաւազաններ:
Յայտնենք նաեւ, որ այժմ այս մարզադաշտէն անկախ արդէն իսկ 5 ուրիշ դաշտերու շինարարական աշխատանքները սկսած են:


