Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հռոմի մէջ նախանցեալ օր տեսակցած է Իտալիոյ Ծերակոյտի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահ Լուիճի Մանքոնիի հետ:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղ – Իտալիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութեան:
Նախագահ Բակօ Սահակեան նաեւ հանդիպում ունեցած է ԻՓԱԼՄՕ հետազօտական հիմնարկի ղեկավար, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճաննի տէ Միքելիսի հետ: Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին, ղարաբաղեան տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:


