Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղուլեան Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ուորլիքի Եւ Փալոնի Հետ

December 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
1202_Ghoulian-in-Washington
Փալոնի հետ տեսակցութենէն պահ մը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն կը գտնուի, երկուշաբթի տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան  հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, Ուորլիքի հետ Ղուլեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ վերջին արձանագրուած զարգացումներուն եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

Աշոտ Ղուլեանի եւ Ֆրենք Փալոնի զրոյցին ընթացքին անոնք անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան  եւ  Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանին միջեւ  համագործակցութեան ընդարձակման, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման, Միացեալ Նահանգներու  մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերու:

Փալոնի խնդրանքով Ղուլեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն մէջ  Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն հետեւանքները, եւ այդ ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու  Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` ղարաբաղեան ուղղաթիռի կործանումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:

Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը կը շարունակուի:

 

Նախորդը

Հայաստանի Բանակի Սպայակոյտի Վարչութեան Պետը` ՀԱՊԿ-ի Միացեալ Հրամանատարութեան Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հռոմի Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.