Երէկ երեկոյեան Ռաս Պաալպեքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ յարձակում մը գործեցին լիբանանեան բանակին դէմ` պատճառելով 6 նահատակ եւ վիրաւորելով ուրիշ մը:
Այս դէպքին լոյսին տակ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` լիբանանեան բանակին եւ յարձակող կողմին միջեւ: Սակայն բուռն բախումներուն ներքեւ իսկ, լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը հասաւ օգնութեան եւ կրցաւ դուրս բերել 6 նահատակ բանակայիններուն դիակները:
Նահատակներուն դիակներն ու վիրաւոր բանակայինը փոխադրուեցան Պաալպեքի «Եունիվըրսըլ» հիւանդանոց:
Ռաս Պաալպեքի Թալեթ Համրա շրջանին մէջ զինեալ բախումները մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուեցան: Բանակը թնդանօթներով եւ հրասանդերով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն կեդրոնները:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ կը գտնուի Պրիւքսել, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` նահատակուած բանակայիններուն համար: Ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց բանակին` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրենց բանակին նեցուկ կը կանգնին:
Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան բանակին դէմ գործուած յարձակումին մանրամասնութիւնները:


