Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան Սամիր Ժսըր:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ յայտարարուած` Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը կը միտի մեղմացնել երկրին լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ համաձայնիլ նախագահական ընտրութիւն կատարելու շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը:


