
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Նուրի Մալիքին` ներկայութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ շէյխ Մոհամետ Քաուսարանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերջին տարիներուն ընթացքին շրջանը հարուածած փոթորիկները, յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի պարագային…
Քննարկուեցան նաեւ շրջանի բնակչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւնները, որոնք վստահուած են հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն, ի մասնաւորի արաբական եւ իսլամական աշխարհի ազգային եւ իսլամական հոսանքներուն:
Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին իրենց տեսակէտներուն նոյնութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմադրութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկիրներուն անկախութիւնը, պետութիւնը, գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու համայնքային ու յարանուանական սադրանքները եւ դէմ դնելու շրջանին սպառնացող հաւատադրժողական հոսանքներուն:
Անոնք շեշտեցին իրենց համոզումը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ժողովուրդներուն արձանագրելիք յաղթանակին առումով, հաստատելով, որ ահաբեկչական եւ քանդիչ այդ խմբաւորումներն ու անոնց ծրագիրները շրջանին մէջ ապագայ չունին:


