
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութենէն Ֆրանսայի դուրս գալուն շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարուի, եթէ 2017-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրէ:
«Եթէ ես ընտրուիմ հանրապետութեան նախագահ, ֆրանսացիներուն առջեւ պարտաւորութիւն պիտի ստանձնեմ` վեց ամիսէն հանրաքուէ կազմակերպել Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու շուրջ», ըսած է Լը Փեն:
Ան նշած է, որ վեց ամսուան ընթացքին ինք կը պատրաստուի եւրոպական մարմիններու հետ պայմանաւորուիլ Ֆրանսայի տարածքային, օրէնսդրական, տնտեսական, գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ արժութային մարզին մէջ գերիշխանութիւնը վերադարձնելու շուրջ: «Ատկէ ետք կա՛մ Եւրոպական Միութենէն Ֆրանսայի ժողովուրդին կը վերադարձնեմ այս չորս բաղադրիչները, կա՛մ կը հրաժարիմ, եւ այդ ժամանակ ես պիտի խնդրեմ ֆրանսացիներէն` հանրաքուէի ընթացքին քուէարկել Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու օգտին», աւելցուցած է Լը Փեն:
Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավարը նշած է, որ նախագահի պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ ֆրանսացիները դէմ քուէարկեն Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալուն:
«Եթէ ֆրանսացիները դէմ քուէարկեն Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, ես կը հեռանամ, որովհետեւ երբեք անոնց չեմ տար այնպիսի խոստում, որ չեմ կրնար կատարել: Ես կը փափաքին անոնց յստակ ըսել, որ ոչինչ կրնայ փոխուիլ, եթէ մենք չվերադարձնենք մեր ճակատագիրի տէրը ըլլալու ազատութիւնը», ըսած է Լը Փեն:


