Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սեւն Ու Ճերմակը

December 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1202_vahoՈւրբաթ, 28 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս պապը Թուրքիա իր այցելութեան առաջին օրուան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին կոչ ուղղեց հանդուրժողականութիւն եւ յարգանք ցուցաբերելու մարդկային կեանքի, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան նկատմամբ` ընդգծելով.  «Մոլեռանդութիւնն ու արմատականութիւնը, ինչպէս նաեւ` անխոհեմ մտավախութիւնները, որոնք կը նպաստեն թիւրըմբռնումին եւ խտրականութեան, պէտք է հակադրուին բոլոր հաւատացեալներուն աջակցութեամբ եւ միասնութեամբ»:

Էրտողան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Վատիկանի եւ Հռոմի եպիսկոպոսապետին հետ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ համակարծիք են: Սակայն անոր այդ խօսքը կեղծ հնչեց, մանաւանդ որ հազիւ մէկ օր առաջ պապին նշած  «անխոհեմ մտավախութիւններուն» եւ մոլեռանդութեան տեղի տալով յայտարարած էր. «Օտարները իսլամները չեն սիրեր, այլ միայն անոնց դրամը»: Թուրքիոյ նախագահը չանդրադարձաւ կամ առնուազն անտեսել ձեւացաւ այն իրողութիւնը, որ խտրականութեան եւ մոլեռանդութեան մասին պապին խօսքերը կը վերաբերէին նաեւ իրեն ու իր երկրին:

Պահ մը երեւակայեցէք, որքան վատ անդրադարձ պիտի ունենար, եթէ Էրտողան խտրականութեան դէմ արտայայտուող եւ երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան կոչ ուղղող պապին կողքին ու միջազգային լրատուամիջոցներուն դիմաց կանգնած մէկ օր առաջ կատարած իր յայտարարութեան նման արտայայտութիւն մը ունենար:

Հակառակ ատկէ զգուշանալուն եւ այդ իրողութենէն ուշադրութիւն շեղելու համար թափած մեծ ջանքին, Էրտողան չի կրնար ծածկել սեւին ու ճերմակին տարբերութիւնը: Աւանդական ճերմակով զգեստաւորուած պապը Նիկերիոյ Քանօ քաղաքի կեդրոնական մզկիթին դէմ ահաբեկչութիւնը նկատեց «ծայրայեղ լուրջ յանցագործութիւն ընդդէմ Աստուծոյ», սակայն անոր կողքին սեւ հագուստով կանգնած Էրտողանը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական, շիիական եւ կրօնական այլ փոքրամասնութեանց սրբատեղիներու ականահարումներէն ոչ մէկը դատապարտած է: Ան նոյնիսկ այդ քայլին չի դիմեց, երբ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-յուշակոթողի ականահարման համար ուղղակի ամբաստանութիւն ուղղուեցաւ իր երկրին` այդպիսով հաստատելով այդ ամբաստանութեանց ճշմարտացիութիւնը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպը Միջազգային Ընտանիքի Ուշադրութեան Կիզակէտին…

Յաջորդը

Լը Փեն Նախագահ Դառնալու Պարագային Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Հանրաքուէ Կը Խոստանայ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.