Երէկ երեկոյեան «Սքայ նիուզ» հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը յայտարարեց, որ գիշերուան ժամը 10:00-ին պիտի գլխատէ իր մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններէն երկու զինուորականներ:
Լուրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, հակազդելով սպառնալիքին` առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները փակեցին Սայֆիի ճամբան: Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները իրենց բողոքի վայրէն սպառնալիքով յայտնեցին, որ եթէ ոեւէ առեւանգեալ զինուորի բան պատահի, անոնք անձամբ պիտի ուղղուին դէպի Արսալ` ազատագրելու համար իրենց զաւակները:
Աւելի ուշ, լիբանանեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Ժապհաթ Նուսրային փոխանցած Է, որ եթէ անոնք համարձակին գլխատել առեւանգուած բանակային Ալի Պազզալը, ապա Ժումանա Հմայետ եւ Օմար Աթրաշ մահապատիժի պիտի ենթարկուին:
Ուշ երեկոյեան, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա յետաձգած է իր մօտ գտնուող առեւանգուած բանակային Ալի Պազզալի գլխատումը:


