
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ կալուածային հարցերու մարզին:
Խալիլ յայտնեց, որ այդ մարզին մէջ գործող 55 պատասխանատուներու եւ պաշտօնեաներու անձեռնմխելիութիւնը ջնջուած է, եւ ելեւմուտքի նախարարութեան բողոքներու արձանագրութեան բաժանմունքն ու դատական իշխանութիւնները պիտի քննեն անոնց դէմ ներկայացուած բողոքները եւ ըստ օրէնքի պիտի հարցաքննեն զանոնք:


